Հ. ԹՐԹՌԵԱՆ
«Ասպարէզ»ի Ուրբաթ, Մարտ 11ի թիւին մէջ կար լուր մը, ըստ որուն, Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արարատեան հայրապետական* թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ (Սամուէլ) արք. Կճոյեան, վերջերս իր սանուկին կողմէ ստացած է «Պենթլի» մակնիշի ինքնաշարժ մը…: Կը նշուի, թէ ինքնաշարժին արժէքը կը տատանի 180-200 հազար տոլարի սահմաններուն մէջ: Լուրը առնուած է «168 ժամ» օրաթերթէն եւ ըստ թերթի տուեալներուն՝ հաստատուած է նաեւ թեմի մամլոյ դիւանին կողմէ:
Լուրը կրնայ բամբասանք կամ երգիծանք ըլլալ: Սակայն ժողովուրդը կ՛ըսէ. «Առանց կրակի ծուխ չ՛ըլլար»: Ուրեմն, Արարտեան թեմի միջավայրին կամ մթնոլորտին մէջ այդպիսի բան մը կրնայ պատահիլ. այսօրուան միտքերու մէջ եղածը վաղը կրնայ կեանքի մէջ ըլլալ:
Թէեւ ինծի պէս մահկանացուներ ժպրհանքը պէտք չէ ունենան Աստուծոյ ընտրեալներուն խրատ տալ, սակայն, յուսալով որ սրբազանը, իր պաշտօնին իսկ բերումով, պիտի ներէ զիս, կը համարձակիմ հետեւեալ թելադրանքը ընել իրեն. ծախել ինքնաշարժը, անմիջապէս, եթէ իրականութիւն է լուրը. ապագային, եթէ այդպիսի բան մը պատահի, գնել համեստ ինքնաշարժ մը՝ անձնական գործածութեան համար, եւ մնացեալ գումարը յատկացնել ծուխի կարօտեալներուն, որոնք վստահաբար այս օրերուն բազմաթիւ են իր հօտին մէջ:
Ասկէ մեկնելով, ոեւէ մէկը իրաւունք չունի մտածելու, որ ես դէմ եմ եկեղեցականներու շքեղ ինքնաշարժ ունենալուն, սակայն շքեղութեան աստիճանը իրենք պէտք է որոշեն, ոչ՝ սանուկները: Առաջնորդը, ծխատէրը, ոչ միայն իրաւունք ունին, այլ պարտական են վայելչօրէն, այլ՝ ժուժկալութեամբ ներկայանալ հանրութեան:
Տրուպս կը կարծէ, որ Յիսուսի խօսքերուն առաջին հետեւողները եւ ո՛չ միայն քարոզողները, կղերականները պէտք է ըլլան: Յիսուս հարուստ մարդուն ըսաւ. «Գնա՛, ունեցածդ ծախէ՛, տո՛ւր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս»:
* Չկրցայ հասկնալ, թեմը եկեղեցիին է, թէ հայրապետին: