
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, Մարտ 13ին, Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ «Տէր Ողորմեա»ի յատուկ աղօթք կատարուեցաւ Ճափոնի երկրաշարժին ու անոր հետեւած ծովաշարժի զոհերուն ու աղէտեալներուն համար։
Ծանօթ է, որ անցեալ Ուրբաթ, Ճափոնի հիւսիսարեւելեան գօտին ահաւոր ցնցումի մը ենթարկուեցաւ, արձանագրուեցան բազմահազար զոհեր, իսկ միլիոնաւոր մարդիկ մատնուեցան ծանր ու անօգնական վիճակի։ Աշխարհի տարբեր երկիրներէ օժանդակութիւն կը հասնի աղէտեալներուն։
Այս առիթով, առաջնորդը կոչ կ՛ընէ մեր ազնիւ ժողովուրդին, որ Կարմիր Խաչին կամ բարեսիրական այլ կազմակերպութեանց ճամբով մասնակից դառնայ աղէտեալներուն տրամադրուող նպաստին։
why can’t Armenian spiritual leadership of Armenia occupied by Turks stay away from politicians?