
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ հանդիպումէ մը ետք, ԵԱՀԿի ներկայ նախագահ ու Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Օտրոնիոս Ազուպալիս Երկուշաբթի, Մարտ 14ին յայտարարեց, թէ Սոչիի մէջ կայացած Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպումը նոր դռներ բացած է բանակցութեանց յառաջդիմութեան առջեւ: «Սոչիէն ետք յոյսեր կան այրած կամուրջները վերակառուցելու: Տագնապը միայն խաղաղ միջոցներով կարելի է լուծել», աւելցուց ան: Ան միաժամանակ կոչ ըրաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութեանց, որ արձակազէնները հեռացնեն սահմանային շրջաններէն:
Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ Իկոր Փոփով յայտարարեց, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու Պաքու այցելութեան ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին պիտի ներկայացնեն Ղարաբաղի վերաբերեալ ԵԱՀԿ առաքելութեան երկար սպասուած հաշուետուութիւնը: Նոյն զեկոյցը պիտի ներկայացուի նաեւ Հայաստանի նախագահին: Հաշուետուութեան հրապարակումը յետաձգուած է քանի մը անգամ:
Ռուս համանախագահը Պաքու մեկնեցաւ Երկուշաբթի օր, իսկ Երեքշաբթի օր, անոր կը միանան ամերիկացի եւ ֆրանսացի համանախագահները:
Ռուս համանախագահը աւելցուց, թէ այցելութեան նպատակը ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ խաղաղ բանակցութիւնները շարունակելն է:
Համանախագահները Մարտ 16ին Երեւան պիտի այցելեն՝ հանդիպումներ ունենալու համար նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ: Ցարդ յայտնի չէ, թէ համանախագահները Լեռնային Ղարաբաղ պիտի այցելե՞ն:
gue papakim im mdahokoutyunes yev untvezoumes nergayatznel, inchbes gareli e yev hantourjeli vor Gharapaghian hartze arantz Gharapaghi nakhakahin nergayoutyamp gentana miyayn Hayasdani nakhakahin hed, yerp hartze Gharapagh yev Azerbeyjan e, Hayasdan dagavin che untounaz Gharapaghi hanrabedoutyune yev nesdaz e iper te “kaghaghoutyan michotzner” pndrel Azerineroun hed… Ays inchkan orinavor yev artar e, artyok ays viravoragan che Gharapaghi hanrabedoutyian yev ir kach joghovourtin hamar.