ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան 96րդ տարելիցին ընդառաջ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Լոս Անճելըսի մէջ գործող Ասպետներու համախմբումը յախուռն եւ աննախընթաց քայլով մը, Հինգշաբթի, Մարտ 31, 2011ի երեկոյեան, ժամը 8ին, «Եու.Սի.Էլ.Էյ.» համալսարանի «Պրոտ հոլ»ին մէջ կազմակերպած է հանդիպում մը հայասպան եւ հայու գնդակով սպաննուած Ահմետ Ճեմալի թոռնիկին՝ լրագրող, «Միլլիյէթ» օրաթերթի յարգուած եւ գլխաւոր սիւնակագիր, գիրքերու հեղինակ Հասան Ճեմալի հետ։ Ան կ՛ապրի եւ կը ստեղծագործէ Պոլսոյ մէջ։ Հասան Ճեմալ հայկական շրջանակներուն ծանօթ անուն է, որպէս քաջ մտաւորական, որ ընդունելով Ցեղասպանութիւնը՝ կը դատապարտէ զայն, մինչեւ անգամ այցելելով Հայաստան եւ բարձրանալով Ծիծեռնակաբերդ։
Այս հանդիպում-դասախօսութիւն-զրոյցը, ՀԲԸՄի Ասպետներու «Երեկոյ մը մտաւորականի մը հետ» շարքին մաս կը կազմէ, իսկ անոր խորագիրն է՝ «Տէր Զօրէն Ծիծեռնակաբերդ»։ Երկու յարգելի ու ազդեցիկ զրուցավարներէն առաջինը՝ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանն է (վարիչ «Եու.Սի. Էլ.Էյ.»ի Ժամանակակից հայոց պատմութեան ամպիոնին), իսկ երկրորդը՝ հայ հանրութեան նուազ ծանօթ, սակայն նոյնքան ազդեցիկ անձնաւորութիւն մըն է՝ դոկտ. Փամելա Սթայնըր (Inter-Communal Trust-Building Project. Fellow, FXB Center, Harvard School of Public Health & Affiliate). ան Օսմանեան կայսրութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի ծոռն է։
Դասախօսութեան եւ զրոյցին պիտի յաջորդէ հարց-պատասխանի պահ մը։ Այս յոյժ հետաքրքրական երեկոյին մուտքը ազատ է։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, դիմել ՀԲԸՄ Ասպետներու կայքէջին՝ asbeds@agbuca.org։

Հայ ժողովուրդի պատմութեան անջնջելի մասը կազմող Ցեղասպանութիւնը, շատերուս ծանօթ է իր երեք փաշաներով՝ Թալիաթ, Էնվեր եւ Ճեմալ։ Վերջինս ծնած է 1872ին եւ Թիֆլիսի մէջ զգետնուած 1922ին՝ Ստեփան Ծաղիկեանի ձեռքով։ Ճեմալ փաշա ստացած է զինուորական կրթութիւն եւ ծառայած է թրքական ռազմական նախարարութենէն ներս՝ ղեկավարելով նաեւ զանազան այլ պատասխանատու պաշտօններ։ Մանաւանդ, 1908-1918 թուականներուն, ան եղած է երկրին ներքին թէ արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր դէմքերէն մէկը՝ Թալիաթի եւ Էնվերի հետ միատեղ։ Ահաւասիկ, այս նոյն Ճեմալ փաշային, հայաջինջ ծրագիրներու հեղինակին թոռն է, որ կը ժամանէ Լոս Անճելըս, եւ տեղի հայ թէ օտար հանրութեան պիտի ներկայանայ իբրեւ ժամանակակից թուրք լրագրող, սիւնակագիր, գիրքերու հեղինակ, սակայն եւ ամէնէն կարեւորը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան գիտակ եւ հայուն տառապանքը կիսող նոր սերունդի ներկայացուցիչ։
Որքա՛ն կը փափաքիմ այդ երեկոյ նայիլ անոր աչքերուն խորը, եւ դէմ դիմաց, ակն ընդ ական, այդպէս լուռ՝ թեւ տանք մեր միտքին, յիշողութեան, մեզի ծանօթ իրականութեան։ Արդեօ՞ք այդ փափաքը չէր, զոր ՀԲԸՄի Ասպետները շուրջ տարի մը առաջ ճամբայ հանեց, որ դէմ առ դէմ գտնուինք նման մեծահոգի թուրքի մը, որ կը կոչուի Հասան Ճեմալ։ Մեծապէս գնահատելի եւ արժեւորելի երեւոյթ է, երբ այսօրուան հայն ու թուրքը, պատրաստ են քով-քովի գալու, կիսելու անցեալի սխալները, ծանօթանալու նման թէ տարբեր կարծիքներու, մօտեցումներու։ Եւ ո՞վ, եթէ ոչ անձնազոհ Հրանդ Տինք, եղաւ առաջնորդը նման քայլերու։