ԳԱՀԻՐԷ.- Վարդանանց տօնի 1550ամեակին առիթով, Հինգշաբթի, Մարտ 3ին, Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հայրապետական մաղ-թանք:
«Հակառակ, որ օրը աշխտանքային էր, եկեղեցին լեցուն էր հաւատացեալներով եւ մեծ թիւով մանուկներով: Ներկաներուն թիւը մօտաւորապէս 100 էր», կ՛ըսէ Գահիրէի հագեւոր հովիւ Յակոբ քհնյ. Յակոբեան:
Ըստ եգիպտահայ համայնքի ընդունուած սովորութեան, քարոզէն ետք, երգուեցան Վարդանանցի նուիրուած շարականներ, ընթերցուեցան Վարդանի ճառը եւ «Տիկնայք փափկասուն հայոց աշխարհի» հատուածը՝ Եղիշէի «Վասն Վարդանայ եւ Հայոց Պատերազմի» երկէն:
Յակոբ քհնյ. Յակոբեան իր քարոզին մէջ ըսած է. «Թէպէտ այս մարտը շահած մարտ չէր, սակայն նահատակութիւն էր՝ յանուն հաւատի եւ հայրենիքի հանդէպ ունեցած մեծ սիրոյ, ուստի սկիզբն էր հոգեւոր յաղթանակի: Ան որ կ՛ուզէ հասկնալ Վարդանանց պատերազմի իմաստը, պարտի ունենալ հաստատուն հոգեւոր հաւատք եւ պայքարի աննկուն ոգի»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.