
ԳԵՂԱՐՔՈՒՆԻՔ, «Թերթ».- Մարտ 4ին լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին, Սեւանայ լիճի հիմնախնդիրներու յանձնաժողովին հետ կայացած քննարկումէ մը ետք, «Յանուն կայուն մարդկային զարգացման» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ, բնապահպան Կարինէ Դանիէլեան նշեց, թէ Սեւանայ լիճի հիմնահարցերու լուծման ուղղուած աշխատանքներուն մէջ արդէն դրական արդիւնք կայ:
«Էգոլոկիայի եւ ձկնաբուծութեան ինստիտուտի ներկայացրած տուեալների համաձայն, Իշխան ձուկը վերադարձել է Սեւան», նշեց Դանիէլեան, ըստ որուն, Սեւանայ լիճի ջուրի մակարդակին, ձկնատեսակներու պաշարներու վերականգնման եւ լիճի ափամերձ հատուածներու վրայ վերջերս իրականացած աշխատանքի հիմնական թերութիւնը մաքրութիւնն ու ջուրի մակարդակի բարձրացման նախապատրաստական աշխատանքն է:
«Ես նաեւ գտնում եմ, որ շատ կարեւոր է լուծել ջրաւազանի բնակչութեան աշխատատեղերի հարցը, որպէսզի նրանց եկամուտի միակ աղբիւրը չլինի լիճը եւ ձուկը, ու մենք դարձեալ չունենանք գերորս, ձկնային պաշարների կորուստ», աւելցուց բնապահպանը: