
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ԼՂՀ ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով, գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքը 2010ին, 2009ի համեմատ, նուազած է 11.3 տոկոսով, ինչ որ ըստ ծառայութեան նախագահ Մանուշ Մինասեանի, պայմանաւորուած է յատկապէս բուսաբուծութեան համախառն արտադրանքի 19.7 տոկոս անկումով: Ասոր հակառակ, ըստ նոյն տուեալներուն, 3.7 տոկոսով աճած է անասնաբուծութեան համախառն արտադրանքը:
Հանրապետութեան մէջ 2010ին կատարուած է 51.3 հազար հեքթար գիւղատնտեսական բոյսերու ցանք: 2009ի համեմատ, ցանքատարածութիւններուն մակերեսը նուազած է 6538.7 հեքթարով: Ընդհանուր ցանքատարածութիւններուն 95.4 տոկոսը հացահատիկի եւ ընդեղէնի տարածք է։
2010ին, Ղարաբաղի մէջ արտադրուած է 59.1 հազար թոն հացահատիկ եւ ընդեղէն, 8.1 հազար թոն գետնախնձոր, 6.8 հազար թոն բանջարեղէն եւ 7.3 հազար թոն խաղող:
2009ի համեմատ, 2010ին միսի արտադրութիւնը նուազած է 0.6 տոկոսով, կաթինը՝ աճած 2.9 տոկոսով, իսկ հաւկիթի եւ բուրդի արտադրութիւնը՝ համապատասխանաբար՝ 16.2 եւ 13 տոկոսով:
Նոյն ծառայութեան տուեալներով, 2010ին աւելցած է մահացութիւններուն թիւը, որ 2009ի 1266ին դիմաց կազմած է 1341 դէպք:
Մանուշ Մինասեանի տեղեկութիւններով, աճած է նաեւ մեռելածիններուն թիւը, որ կը հասնի 13ի, նախորդ տարուան եօթին դիմաց: Մինչեւ մէկ տարեկան մահացած երեխաներուն թիւը նոյնպէս աճած է՝ 30էն հասնելով 34ի: Այնուամենայնիւ, 2010ի ընթացքին չէ արձանագրուած մայրական մահացութեան դէպք։
Մահացութեան դէպքերու պարագային, վիճակագրական տուեալներով, մինչեւ 70 տարեկան մահացածները կազմած են ընդհանուրին 26.1 տոկոսը, 70-74 տարեկանները՝ 12.5 տոկոսը, 75-79 տարեկանները՝ 15.8 տոկոսը, 80-84 տարեկանները՝ 22.8 տոկոսը, 85 եւ բարձր տարիքի մահացածները՝ 22.8 տոկոսը: