
Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Փորակազը (flatulence) կազերու կուտակումն է աղիքներու մէջ: Կազերու կուտակումով կ՛ընդլայնի հաստ աղիքը եւ կը պատճառէ կծկումային (cramp) փորի ցաւ:
Փորափքանքը կամ փորափուքը (flatus) կազերու արտահանումն է նախաղիէն (rectum) եւ սրբանէն (anus): Ամէն մարդ բնականաբար կ՛ունենայ օրական 10-14 փորափքանք:
Փորափքանքը զատորոշուելու է որովայնափուքէն (borborigma): Այս մէկը փորակազի շարժման ձայներն են աղիքներու մէջ: Որովայնափուքը լսելի կ՛ըլլայ թէ՛ ենթակային կողմէ եւ թէ անոր շրջապատը գտնուողներուն կողմէ:
Բնաթէլը (fiber) հիմնական պատճառն է փորակազին եւ որովհետեւ բնաթէլը կարեւոր մասնիկն է առողջապահական սննդանիւթերու, հետեւաբար փորափքանքը շատերու կողմէ կը նկատուի առողջութեան նշան:
Փորակազը հետեւանքն է ընդհանրապէս ոչ-ամբողջական մարսողութեան:
Փորակազը կը գոյանայ հաստ աղիքին մէջ, ուր կը գտնուին շարունակաբար եւ բնականօրէն կարգ մը մանրէցպիկներ (bacteria): Այս մանրէներու ներգործութեամբ նիւթափոխանակում (metabolism) տեղի կ՛ունենայ հաստ աղիք հասած չմարսուած սննդանիւթերու հետ եւ կ՛արտադրուի փորակազը, որ կազմուած է հետեւեալ կազերէ.
1. Ջրածին (H2),
2. Յագեցած ածխաջրածին (methane-CH4),
3. Բնածուխի երկթթուիկ (CO2).
-Ջրածինը կը յառաջանայ առաւելաբար սպառելով բազմա-ածխաջրատներ-շաքարներ (polysaccharides) եւ քիչ քանակութեամբ կարգ մը պտուղներէ եւ կանաչեղէններէ: Բազմա-շաքարներով հարուստ են հետեւեալ սննդեղէնները՝ բակլան, ոսպը, շողգամը, բողկը, անուշ գետնախնձորը, ցորենը, թթխմորը, կաղամբը, սոխը, սխտորը, գետնախնձորը, հացը եւ ծաղկակաղամբը:
Ջրածինը կը յառաջանայ նաեւ այն անհատներու մօտ, որոնք կաթի եւ կաթնաշաքարի (lactose) անհանդուրժողականութիւն ունին, Lactase խմորիչի (enzyme) չգոյութեան պատճառով:
Ամբողջութեամբ չմարսուած հացահատիկներ, որոնք հարուստ են ածխաջրատներով (carbohydrates), հաստ աղիքի ցպիկներուն հանդիպելով՝ կ՛ենթարկուին նիւթափոխանակումի, որուն հետեւանքով կը յառաջանայ ջրածինը:
-Յագեցած ածխաջրածինը անգոյն կազ մըն է. ան կը յառաջանայ բնաթէլ պարունակող կարգ մը սննդեղէններէ եւ աղիքներու պատերէն:
-Բնածուխի երկթթուիկը կը յառաջանայ ճարպերու եւ ցպիկներու նիւթափոխանակումէն: Կազով հարուստ զովացուցիչ սպառող անձեր շատ աւելի բնածուխի երկթթուիկ կ՛ունենան իրենց հաստ աղիքին մէջ:
Փորակազը կը յառաջանայ նաեւ կարգ մը հիւանդութիւններու պատճառով, օրինակի համար՝
1. Celiac հիւանդութիւն.
Այս հիւանդութիւնը ժառանգական ախտ մըն է, կը յատկանշուի glutein-ի անհանդուրժողականութեամբ, որուն հետեւանքով կը յառաջանայ սննդանիւթերու յոռի մարսողութիւն-ներծծում (malabsorbtion), փորհարութիւն, փորակազ եւ փորի ցաւ:
2. Tropical Sprue հիւանդութիւն.
Այս հիւանդութիւնը կը յատկանշուի աղիքներու ցպկային բորբոքումով, որ պատճառ կը դառնայ սննդանիւթերու յոռի մարսողութան-ներծծման, փորակազի արտադրութեան եւ արեան կարմիր գնթիկներու նուազումին:
3. Ջղագրգիռ աղիքի հիւանդութիւն (irritable colon).
Այս հիւանդութեան պարագային այլ ախտանշաններու կողքին տեղի կ՛ունենայ նաեւ փորակազ:
Կարգ մը դեղեր նոյնպէս կը յառաջացնեն փորակազ:
Ուրեմն, վերոյիշեալ կազերը կը կազմեն փորակազը: Ան նախաղի կը հասնի հաստ աղիքի շարունակական կծկումներով եւ շարժումներով, այնպէս, ինչպէս կղկղանքը կը հասնի: Վերոյիշեալ կազերու անցքը սրբանի օղակային սեղմիչ մկաններու (constricting muscles) ընդմէջէն կ՛արտադրէ փորափքանքի յատուկ ձայնը: Փրափքանքի ձայնի զօրութիւնը կախեալ է սրբանի սեղմիչ մկաններուն պռկումի տարողութենէն եւ կազերու շարժումներու արագութենէն:
Երբ փորակազը հասնի նախաղի, անհատը աճապարանքի (urgency) եւ անհանգստութեան զգացում մը կ՛ունենայ: Ան ունի անհաճոյ հոտ մը:
Փորափքանքը կրնայ ըլլալ կամովին եւ կամ ակամայ:
Ակամայ (involuntary) փորափքանքը կը պատահի անակնկալօրէն՝ հազալու, փռնգտալու եւ սեռային յարաբերութեան ընթացքին:
Կամովի (voluntary) փորափքանքը կը պատահի պռկելով նախաղին եւ ճնշելով ստամոքսին վրայ: Ան յաճախ աւելի կը պատահի ջղագրգիռ անհատներու մօտ:
Շատ մը անհատներ կրնան զսպել իրենք զիրենք եւ արգելք հանդիսանալ փորափքանքի: Կան երկիրներ, ուր փորափքանքը ընկերութեան մէջ նկատուած է առողջութեան արդիւնք կամ արտայայտութիւն, եւ ան ընդունուած սովորութիւն մը դարձած է: Մարդիկ փորափքանք ունեցողին կ՛ըսեն՝ անուշ ըլլայ եւ կամ առողջութիւն:
Կարելի՞ է արգելք հանդիսանալ փորակազի եւ փորափքանքի: Ո՛չ ամբողջապէս:
Սակայն կարելի է նուազագոյնի իջեցնել փորակազի արտադրութիւնը եւ փորափքանքի յաճախականութիւնը հետեւեալ միջոցառումներով՝
1. Հետեւիլ յատուկ սննդականոնի, մասնաւորաբար շատ ածխաջրատներ պարունակող սննդանիւթեր չսպառել.
2. Ուտել առատ կանաչեղէններ.
3. Կաթ եւ կաթնաշաքար պարունակող սննդեղէններ չսպառել Lactaze խմորիչի անբաւարարութեան պարագային.
4. Տեսակաւոր եւ հարուստ կերակուրներ չուտել.
5. Միս քիչ ուտել.
6. Դանդաղօրէն ուտել եւ լաւ ծամել.
7. Կարգ մը համեմներ գործածել կերակուրներու պատրաստութեան ընթացքին: Այս համեմներէն կարելի է յիշել հետեւեալները՝ գինձը (coriander) եւ քեմոնը (caraway).
8. Գործածել որոշ դեղեր.
9. Կերակուրին հետ առնել կիտրոն կամ քացախ.
Հոս տեղին է յիշել, որ բրինձը կազ չ՛արտադրեր:
Չափազանց փորակազ եւ փորափքանք ունեցող անհատը բժիշկին պէտք է դիմէ, երբ անոնց կ՛ուղեկցին նաեւ հետեւեալ ախտանշանները.
Փորի ցաւ, կղկղանցումի փոփոխութիւն, փորահարութիւն, արիւնոտ կղկղանք, ջերմութիւն, նողկանք, փսխունք եւ փորի արտառոց փքուածութիւն: