
ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին համաձայն, Թուրքիոյ մէջ ժամանակ առ ժամանակ, լուրեր կը տարածուին պետութեան կարեւոր դէմքերու հայկական կամ հրէական ծագում ունենալուն մասին: Ըստ թերթին, Թուրքիոյ հանրապետութեան պատմութեան մէջ, ոեւէ պաշտօնեայ քաջութիւնը չէ ունեցած յայտարարելու, թէ՝ ինք հայ է։
«Օրինակ, անցեալ տարի գիրք հրապարակուեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի՝ մօր կողմէն հայկական արմատներ ունենալուն մասին: Գիրք հրապարակուեցաւ նաեւ վարչապետ Թայիփ Էրտողանի՝ հրէական ծագում ունենալուն մասին: Վերջերս ընթերցողներուն մատուցուեցաւ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժի՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան, առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի մասին «Տէրսիմցի հայուհի Եմուշի որդի ճարտարագէտ Քեմալը» խորագրեալ գիրքը», կը գրէ թերթը:
Նշելով, որ «Այդ ամէնը ռասիզմի եւ ֆաշիզմի զզուելի դրսեւորումներ են Թուրքիոյ մէջ»՝ թերթը կը ներկայացնէ հիմնական երեք պատճառ: Առաջինը, թէ՝ մինչեւ օրս Թուրքիոյ մէջ չէ եղած ոեւէ պաշտօնեայ կամ առաջնորդ, որ քաջութիւն ունենար եւ, ի պատասխան «դուն հա՞յ ես» արտայայտութեան՝ ըսէր. «Այո՛, ես հայ եմ, ուզածդ ի՞նչ է»: Երկրորդ՝ հայ կամ հրեայ ըլլալու համար մեղադրուողները կը գտնեն, թէ ատիկա իրենց հասցէին եղած վիրաւորանք է եւ անմիջապէս կը վկայակոչեն իրենց տոհմածառը: Իսկ երրորդ պատճառը, զոր թերթը կը մատնանշէ, այն է, թէ Թուրքիոյ մէջ հանրութեան ստուար հատուած մը կը խրախուսէ բոլոր անոնք, որոնք հայկական կամ հրէական ծագում ունենալու հանգամանքը մեղսագործութիւն կը համարեն: