ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Իշխանութեանց ուժի կարեւորագոյն լծակներէն ոստիկանութեան կողմէ բնակչութեան դէմ բիրտ վերաբերմունքին հանդէպ չենք կրնար յատուկ զգայնութիւն չունենալ, յատկապէս, երբ նոր նշեցինք երեք տարի առաջ Մարտի առաջին օրը արիւնոտած տխուր իրադարձութիւններուն տարելիցը:
Նկատի ունենալով տարելիցին այսքան մօտիկ ըլլալու փաստը, դժուար է պատկերացնել, որ իշխանութեան բարձրագոյն օղակէն ոեւէ մէկը կրնայ հրահանգած ըլլալ նման բրտութեան գործադրութիւնը, կամ նոյնիսկ, որ կրնայ հանդուրժել զինք վարկաբեկող նման գործունէութիւն:
Յամենայնդէպս, ինքնագործունէութեամբ թէ հրահանգի մը ենթարկուելով, ոստիկանները ձեռք բարձրացուցին ժողովուրդին եւ ժողովուրդի ընտրեալներուն վրայ, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար նպաստելով երկրին մէջ քաղաքական մթնոլորտը լարուած պահելու ընդդիմութեան մէկ թեւին ճիգերուն:
Որքա՛ն ալ Մարտ երեքի այս «հրմշտուքը» շատ հեռու ըլլայ Մարտ մէկի արիւնալի ողբերգութեան տարողութենէն, անոր հետ զուգահեռներ փնտռելու միտքը կու գայ, այսպիսի պարագաներուն, դերակատարներու պատասխանատուութեան մակարդակը ճշդելու գործընթացը յստակացնելու (օրէնքով պէտք է անշուշտ հաստատուած ըլլայ այդ մէկը ընելու կարգը) անհրաժեշտութենէն եւ օրինազանցումներու հանդէպ խիստ վերաբերմունքի ակնկալութիւնը կրկնելու տրամադրութենէն:
Պատասխանատուութեան հարցը դժբախտաբար անցեալին այնքան ալ չէ մտահոգած, եւ ոչ մէկ նշան կայ, որ այժմ ու հետագային կրնայ մտահոգել իշխանութեան ղեկին գտնուողները, որոնք կրնան պարզապէս անտեսել կատարուածը ու շարունակել իրենց ընթացքը՝ այնպէս որ կարծէք ոչինչ պատահած է:
Այս անգամ, սակայն, խուսափելով պատասխանատուութենէ կամ արհամարհելով ժողովուրդին տրամադրութիւնները՝ իշխանութեան տէրերը կրնան անախորժ անակնկալներու դէմ յանդիման գտնել իրենք զիրենք՝ տագնապալի շատ պահեր ու առիթներ խոստացող յառաջիկայ օրերուն ու շաբաթներուն: