ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Երկուշաբթի, Փետրուար 28ի երեկոյեան, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեան իր մասնակցութիւնը բերած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցած Սումգայիթի եւ Պաքուի ջարդերու զոհերու ոգեկոչման ձեռնարկին:
«Այս տխուր առիթով, անգամ մը եւս կը յիշենք, թէ Ատրպէյճանի բռնարարքները որքա՛ն ահաւոր հետեւանքներ ունեցած են շրջանի ժողովուրդներուն վրայ, եւ դարձեալ կը գիտակցինք, թէ որքա՛ն կարեւոր է պահպանել այսքան սուղ գինով ապահովուած Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ազատութիւնը», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեանը, աւելցնելով, որ դժբախտաբար, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն ընդդիմանալ տագնապը խաղաղօրէն եւ արդարօրէն լուծելու միջազգային ջանքերուն:
Ներկաներուն մէջ կային քոնկրեսականներ Ֆրենք Փալոն, Աննա Իշու, Էլիըթ Էնկըլ եւ Պրետ Շըրմըն:
Էնկըլ շեշտեց, թէ Սումգայիթի ու Պաքուի ջարդերուն, ինչպէս նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակումը եւ անոնց դասաւանդումը յաջորդ սերունդներուն՝ կենսական է, որպէսզի նման ահաւոր ոճիրներ չկրկնուին:
Փալոն քննադատեց անոնք, որոնք կը պնդեն, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին պէտք չէ խօսիլ անկէ մօտաւորապէս դար մը ետք, շեշտելով, որ հայերը միայն երկու տասնամեակ առաջ անոր նմաններուն զոհ գացած են:
Իր կարգին, Իշու շեշտեց, թէ ամերիկահայութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն ունի ոչ միայն նման ահաւոր ոճիրներու դատապարտումին պահանջը օրակարգի վրայ պահելու, այլ նաեւ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու աշխատանքին մէջ: «Մեր պարտականութիւնն է երաշխաւորել, որ Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը շարունակեն ստանալ Քոնկրեսի ամբողջական նեցուկը», աւելցուց ան:
Նախարար Գէորգի Պետրոսեան յոյս յայտնեց, որ Սումգայիթի եւ Պաքուի ջարդերուն պատասխանատուները մօտիկ ապագային իրենց արդար պատիժը կը ստանան, միաժամանակ Արցախի ազատագրական պայքարին մասին տեղեկութիւններ փոխանցելով ներկաներուն:
Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, իր կարգին դատապարտեց նշեալ ջարդերուն մասին ապատեղեկատուութիւն տարածելու նպատակով Ատրպէյճանի իշխանութեանց միլիոնաւոր տոլար արժող ջանքերը՝ խոստանալով յաւելեալ աշխատանք տանիլ այս իրադարձութեանց ճշմարտութիւնը տարածելու համար:
Կազմակերպիչներուն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, Վիգէն արք. Հայկազեան կատարեց փակման աղօթքը:
Ոգեկոչման ձեռնարկը կազմակերպուած էր Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին մաս կազմող քոնկրեսականներուն, Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպանատան, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Ամերիկայի հայկական համագումարին համագործակցութեամբ:
Յայտնենք, թէ Երկուշաբթի օր, նախարար Գէորգի Պետրոսեան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ռազմագիտական եւ միջազգային ուսմանց միջազգային հիմնարկի մասնագէտներուն հետ՝ քննելով Արցախի տագնապին վերջին իրադարձութիւնները:
Ձեռնարկին տեսաերիզը կամ յաւելեալ լուսանկարները կաելի է դիտել հետեւեալ կայքերուն վրայ՝ www.anca.org կամ facebook.com/ancagrassroots:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.