
ԵՐԵՒԱՆ.- «Cosmopolitan»ի ներկայացուցիչները յայտարարած են, թէ գալիք ամիս լոյս պիտի տեսնէ կանանց նուիրուած հանրայայտ այս ամսագիրին հայերէն տարբերակը, որ պիտի թողարկուի 5000 օրինակով։
Ամսագիրի հայերէն տարբերակի գլխաւոր էջին պիտի զետեղուի Քիմ Քարտաշեանի լուսանկարը։
Hearst Magazines International-ի գործադիր տնօրէն Տունքան Էտուըրտզ համոզուած է, որ «հայ կանայք պիտի հաւնին Cosmo-ն»: