
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ
Դեկտեմբեր 2002ին, Կապանի ու Կլենտէյլի քաղաքապետարաններուն, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախուբի ճիգերով, Կապան եւ Կլենտէյլ քաղաքները դարձան քոյր-քաղաքներ. իբրեւ արդիւնք, հիմնուեցաւ Կապան-Կլենտէյլ քոյր քաղաքներու ընկերակցութիւնը, որուն աշխատանքները կեդրոնացած են կրթական, առողջապահական եւ համայնքային ոլորտներու վրայ:
Առ այդ, Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեանի հրաւէրով, Երկուշաբթի, Փետրուար 21ին Կլենտէյլ ժամանեց Կապանի քաղաքապետ Արթիւր Աթայեան, իր օգնական Կարէն Ոսկանեանի ընկերակցութեամբ:
Կլենտէյլ քաղաքի վարչութիւնը Կապանի քաղաքապետին ու անոր օգնականին համար պատրաստած է գործուղղութեան հարուստ ուղեցոյց մը՝ մէկշաբաթեայ ծրագրաւորումով, որուն ընթացքին քաղաքապետական պատուիրակութիւնը զանազան այցելութիւններով եւ հանդիպումներով մօտէն պիտի ծանօթանայ Կլենտէյլ քաղաքի կառոյցներուն ու անոնց կազմակերպման ձեւին:
Այսպէս, քաղաքապետ Արթիւր Աթայեան եւ անոր օգնական Կարէն Ոսկանեանը, ընկերակցութեամբ Կապան-Կլենտէյլ քոյր քաղաքներու ընկերակցութեան ներկայացուցիչներուն՝ Յարութ Մանուկեանի, Խաչիկ Խալաթեանի, Արփի Անտոնեանի եւ Սարգիս Օհանջանեանի, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլեն Ասատրեանի, Երեքշաբթի, Փետրուար 22ի առաւօտեան սկսան իրենց աշխատանքային այցին:
Առաւօտեան ժամը 9ին, անոնք շրջագայեցին Կլենտէյլի մէջ՝ ծանօթանալու համար քաղաքին: Ապա Կլենտէյլի քաղաքապետարանին մէջ ընդունուեցան քաղաքապետ Արա Նաճարեանի կողմէ, որ ջերմ ընդունելութիւն ցուցաբերելէ ետք, Կապանի պատուիրակութեան ներկայացուց Կլենտէյլ քաղաքի դատախազ Հաուըրտ Սքաթը: Վերջինս բարի գալուստ մաղթելէ ետք, այցելուներուն մանրամասն կերպով ներկայացուց Կլենտէյլ քաղաքի արդարադատական կառոյցներուն ու ենթակառոյցներուն աշխատանքի հոլովոյթները, պատասխանեց Կապանի քաղաքապետին բոլոր հարցումներուն, ապա ուղեկցելով հիւրերուն՝ անոնց հետ այցելեց իր հովանիին տակ գտնուող գրասենեակները:
Նոյն օրը, Կլենտէյլի քաղաքապետարանէն ներս տեղի կ՛ունենար «Պլաք հերիթէյճ Մանթ»ը (Սեւ ժառանգութեան ամիս): Կլենտէյլի քաղաքապետարանի բոլոր բաժանմունքներէն ոստիկաններ, հրշէջներ, գրասենեակներու աշխատակիցներ համախմբուած էին ճաշի սեղաններու շուրջ՝ ամսուան խորհուրդը միասնաբար յարգելու:
Արա Նաճարեան, Կապանի քաղաքապետն ու անոր ընկերակցողները առաջնորդեց սրահ, ուր ցուցադրուեցաւ Մարթին Լութըր Քինկի նուիրուած ժապաւէն մը, որուն աւարտին Կլենտէյլի քաղաքապետը շուրջ 80 ներկաներուն ծանօթացուց Արթիւր Աթայեանը:
Կէսօրէն ետք ժամը 1ին, Արթիւր Աթայեան, անոր օգնականը եւ զիրենք հիւրընկալող խումբը այցելեցին Կլենտէյլի «Ճեֆֆըրսըն» նախակրթարանը, ուր իրենց կը սպասէին տնօրէն Կրեկ Մուշակեան, Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վերահսկիչ մարմինի տեղակալ Ճոն Կարսիա, Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի նախագահ Կարէն Գրիգորեան, փոխնախագահ Ճոյլին Ուակնըր եւ անդամ Նայիրի Նահապետեան:
Սիրալիր ողջոյններէ ետք, հիւրընկալողները քաղաքապետն ու անոր ընկերակիցները ուղեւորեցին դէպի նախակրթարան, այցելեցին երկու դասարաններ, ուր աշակերտներ կը հետեւէին հայերէն լեզուի դասերու:
Ապա, Կլենտէյլի ուսումնական պատասխանատուները, Կապանի քաղաքապետին բացատրութիւններ տուին տեղւոյն ուսումնական կառոյցներուն մասին:
Այցելութեան աւարտին, քաղաքապետ Արթիւր Աթայեան յայտնեց. «Ես շատ ուրախ եմ տեսնելու, որ այս օտար ափերուն հայ երեխաներ հայերէն կը սորվին»:
Կէսօրէն ետք ժամը 3ին, դարձեալ Կլենտէյլի քաղաքապետարանէն ներս, խումբը ընդունուեցաւ քաղաքի Վարչական ծառայութիւններու եւ տնտեսական վարիչ Պապ Էլիըթի օգնակականներ Արմէն Հարկալեանի եւ Ճէյսըն Պրետֆորտի կողմէ. անոնք ուղղուեցան ժողովասրահ, ուր պատասխանատուները հիւրերուն մանրամասն բացատրութիւններ տուին Կլենտէյլ քաղաքի վարչական եւ ի մասնաւորի տնտեսական ոլորտներուն մասին: Անոնք բաւական գոհացուցիչ կերպով պատասխանեցին Կապանի քաղաքապետի հարցումներուն՝ անոր տրամադրելով Կլենտէյլի ամավարկին եւ եկամուտներուն ծրարը:
Մէկ ժամ տեւած սոյն հանդիպումէն ետք, խումբը անցաւ «Կլենտէյլի ջուր եւ ելեկտրականութիւն» ընկերութեան շէնքը, ուր զիրենք ընդունեց ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Կլեն Սթիկըր: Ան իր գրասենեակին մէջ քարտէսներու վրայ ընդհանուր բացատրութիւն տուաւ Կլենտէյլի մէջ ջուրի մատակարարման եւ ելեկտրականութեան կառոյցներուն մասին:
Նոյն օրը ժամը 5ին, Կլենտէյլի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամները՝ քաղաքապետ Արա Նաճարեան, Լորա Ֆրիտմըն, Ֆրենք Քենթերօ եւ Ճոն Տրէյմըն, ջերմօրէն հիւրընկալեցին Կապանի քաղաքապետն ու անոր ընկերակիցները: Այնտեղ ներկայ էին նաեւ քաղաքի վարիչ Ճիմ Սթարպըրտ, անոր օգնական Եասմին Պիրզ եւ Համայնքային յարաբերութիւններու տնօրէն Լիզեթ Մուլինզ:
Հիւրընկալող պատասխանատուները, մէկ առ մէկ ողջունեցին քաղաքապետ Արթիւր Աթայեանը, որ իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնելով՝ ըսաւ. «Հասած օրէս ի վեր արժանացայ շատ ջերմ ընդունելութեան, որուն համար ալ շատ երախտապարտ եմ. առ այդ, ձեր բոլորը կը հրաւիրեմ Կապան, Ապրիլի վերջաւորութեան տեղի ունենալիք Կապան-Կլենտէյլ քոյր քաղաքներու հրապարակի բացման արարողութեան առիթով»:
Երեկոյեան, Արթիւր Աթայեան եւ իր օգնականը հիւրասիրուեցան գաղութային զանազան կազմակերպութիւններու կողմէ: