
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Դադրած էի այս հարցը ածարծելէ: Կը հաւատամ, որ հայ ժողովուրդի ողջախոհութիւնը օր մը ինքզինք պիտի պարտադրէ ղեկավարութիւններուն եւ զանգուածներուն: Անոնք ընդառաջ պիտի երթան հարազատութեան եւ միացման, որոնք միշտ կը գտնուին ազգային գաղափարախօսութեան առանցքին, նոյնիսկ եթէ երբեմն քաղաքական համարուած որձեւէգ դիրքորոշումներ, մարդորսական խուսանաւումներ եւ պատեհապաշտութիւններ ստուեր կը ձգեն անոնց վրայ:
Նոր բացատրութիւններու դիմել ցոյց տալու համար, արդի կոչուած ուղղագրութեան որդեգրման ետին գտնուող քաղաքական-ապազգային միտքը, կրկնութիւն պիտի ըլլայ, որ լատինատառ հայերէնի որդեգրումն էր, միաժամանակ սովետամարդի ստեղծումը որ աստիճանաբար պիտի խօսէր ռուս մեծ լեզուն, ի հեճուկս ազգային լեզուին (լեզուներուն), որ մասամբ իրականացած է հայերէնի մէջ ներխուժած ռուսերէն բառերով, ասութիւններով, շարահիւսութեամբ. հայերէն, զոր անվարան կարելի է կոչել սովետահայերէն՝ այնքա՜ն տարբեր մինչեւ 1922 խօսուած եւ գրուած արեւելահայերէնէն:
Արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզու է, գիտենք եւ հաւաքական անպատասխանատուութեամբ չենք հակազդեր: Ղեկավարութիւններու նպատակներէն դուրս է արեւմտահայերէնի եւ ընդհանրապէս հայերէնի պաշտպանութիւնը: Հետեւանքը կ՛ըլլայ այն, որ հայախօսութիւնը եւ հայագրութիւնը աստիճանաբար կ՛անհետանան, հայու ինքնութիւնը կ՛աղօտի վերջնականապէս կորսուելէ առաջ, կ՛արտադրուին ծագումով հայեր, որոնք պիտի հալին իրենց շրջապատին մէջ: Դրամի եւ յաջողութիւններու կիրքը անզսպելի դարձած է, մանաւանդ արեւմտեան-ճարտարարուեստական ընկերութիւններու մէջ, եւ տեղ չէ մնացած ինքնութեան, ազգային արժէքներու, մշակոյթի եւ լեզուի:
Ազգային լեզուի հանդէպ բիրտ նախայարձակումը, ինչպէս կ՛ըսուի ձեւազեղծուող հայերէնով՝ «ակրեսիա»ն, տեղի ունեցաւ 1922ին, Խ. Հայաստանի պետութեան որոշումով, մէկ ուղղագրութիւնը վերածուեցաւ երկուքի եւ մենք մեզ գտանք զոյգ խորթացումներու առջեւ, ազգի մէկ կէսը միւսին հանդէպ եւ՝ տասնհինգ դարերու ժառանգութեան: Խորհրդային կամայականութեամբ պարտադրուած որոշումը տեւեց, թէեւ եղան սրբագրութիւններ: Շատեր միամտօրէն հաւատացին, որ այդ խորհրդային ուղղագրութիւնը ժամանակաւոր էր, եւ բնականոն պայմաններու վերադարձով ան պիտի վերցուէր:
Բայց այդ ուղղագրութեամբ սերունդ հասած էր եւ մանաւանդ կոչումներու արժանացած էին ու «կարիէրա» ըրած էին մտաւորականներ: Անոնց մեծերէն մին տարօրինակ մտահոգութեամբ գրեց, որ եթէ վերադարձ կատարուի, ապա ինչպէ՞ս պիտի գրուին «թօզ» եւ «կօօպերատիւ» բառերը: Տխրի՞լ, թէ ծիծաղիլ: Իսկ սարսափելին պատահեցաւ Հայաստան-Սփիւռք Բ. խորհրդաժողովի նախօրեակին, երբ խումբ մը ականաւոր անձեր՝ ակադեմիկոս, գրող, բանաստեղծ, հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեցին, որ ուղղագրութեան վերականգնումը հետապնդողներ ներշնչուած էին «հայատեաց կենտրոններից»… Միութեան եւ միացման ի՜նչ օրինակելի վերաբերում, եւ գիտական-մտաւորական ի՜նչ մօտեցում էական խնդիրի մը:
Ինչ որ այսօր զարմանք կը պատճառէ այն է, որ Հայաստանի հանրապետութեան մէջ ուղղագրութեան վերականգնման համար աշխատող հաւատաւոր մտաւորականներ կան, բայց քաղաքական կազմակերպութիւնները, հոն եւ Սփիւռք, չես գիտեր ո՞ր դիւանագիտական խաղին աձնատուր, սփինքսի լռութիւն կը պահեն: Ոմանք ալ, ընդունելով հանդերձ, որ ուղղագրութեան փոփոխութիւնը քաղաքական որոշում էր եւ որ վերականգնումը կը կարօտի քաղաքական որոշման՝ կը զիկզակեն ըսելով, որ հիմա ժամանակը չէ. մասնագէտները նախ պէտք է համաձայնին, եւ այլն, յոգնեցուցիչ դարձած «պրագմատիզմ»ի եւ «մանեւրել»ու խաղով, կարծէք «դարձող տէրուիշներ» ըլլային, derviches tourneurs:
Ուղղագրութեան վերականգնումը պիտի ըլլայ ազգային գաղափարախօսութեան թելադրած քաղաքական որոշումը, որուն կայացումէն ետք, մանկավարժներ, գրողներ, լեզուագէտներ, մտաւորականներ, հրապարակագիրներ կը խորհրդակցին, կը ճշդեն հանգրուաններ, գործադրութեան ձեւեր, դասագիրքեր եւ ուսուցիչներու վերապատրաստութիւն: Եթէ այսօր նման որոշման կայացումը դժուար կը թուի, վաղը աւելի՛ դժուար պիտի ըլլայ, ազգի հատուածներուն միջեւ խրամատը պիտի շեշտուի, օր մըն ալ կարիքը պիտի չզգացուի, երբ Սփիւռքի մէջ հայախօսութիւնը եւ հայագրութիւնը դադրին ազգային յատկանիշ ըլլալէ՝ դադրեցնելով նաեւ հայկական ինքնութեամբ Սփիւռքի գոյութիւնը: Ինչ որ կ՛ըսեմ՝ աղէտի դիպաշար չէ, «կատաստրոֆ-ի ցենար» չէ:
Որպէսզի թութակաբար կր-կնուող կարգախօսները իրաւ լիցք ունենան, ինչպէս՝ «մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ»ը, որպէսզի ան պարզապէս չըլլայ՝ մենք ազգ մենք մշակոյթ, անյետաձգելի ազգային-քաղաքական առաջադրանք պէտք է ըլլայ, ըլլար, հարազատ ուղղագրութեան վերականգնումը: Այս առաջադրանքի անտեսումը կը բացատրուի միայն մանրիկ շահերով, որոնք ոչ մօտէն եւ ոչ հեռուէն կ՛առնչուին ազգային գաղափարախօսութեան թելադրանքներուն:
Ուղղագրութեան վերականգնումը ազգի գոյութենական խնդիրն է: Որպէսզի տեւենք շարունակութեան հաւատարմութեամբ՝ հակադրուելով անորոշ նորի մը սկիզբ ըլլալու կապկումներու: