ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀԲԸՄի «Հայ կին» կազմակերպութեան յաջորդ գիտաժողովը անգամ մը եւս նուիրուած է ամերիկահայութեան՝ այս անգամ կեդրոնանալով անոր երաժշտական երեսին վրայ:
«Երաժշտութիւնը իբրեւ հայելի. Սփիւռքեան համայնքի մը ընկերային փոփոխութիւնները ի՞նչ արտացոլացում կ՛ունենան երաժշտութեան վրայ» նիւթով գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մարտ 12ին, առաւօտեան ժամը 9:30էն մինչեւ կ.ե. ժամը 1, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի (CSUN) Ուսանողական կեդրոնի մեծ սրահին մէջ:
Արձանագրութիւնները պիտի սկսին ժամը 9ին, իսկ մասնակցութեան սակը 30 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ ձրի:
Գիտաժողովին բացումը պիտի կատարէ հռչակաւոր խմբավար եւ յօրինող Լորիս Ճգնաւորեան, որ ներկայիս ստանձնած է Կլենտէյլի սիմֆոնիք նուագախումբին ղեկը:
Հայ աւանդական երաժշտութեան մասին պիտի խօսի վարպետ ուտ նուագող Էնտրու Քիզիրեան, դասական երաժշտութեան մասին՝ յօրինող Էրիք Խաչիկեան, իսկ ժամանակակից երաժշտութեան մասին՝ յօրինող Լենա Թիւֆէնքճեան:
Գիտաժողովը պիտի համադրէ խմբավար եւ յօրինող Կրեկ Հօշարեանը, իսկ 10 վայրկեաննոց ելոյթ մը պիտի ունենայ «Armenian Public Radio» խումբը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել
agbuhyegeen.youngcircle@gmail.com հասցէին, կամ այցելել
www.hyegeen.com համացանցային կայքը: