ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող հայագիտական ծրագիրի վարիչ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան Չորեքշաբթի, Փետրուար 23ին, երեկոյեան ժամը 7:30 պիտի ներակայացնէ ամերիկահայ գրականութեան առաջին սերունդին մասին դասախօսութիւն մը՝ համալսարանի գործարարական բաժանմունքի «Ալիս Փիթըրզ» շէնքի թիւ 191 սենեակին մէջ:
Փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան նաեւ երկրորդ դասախօսութիւն մը պիտի ներկայացնէ Ապրիլ 27ին, որ նուիրուած պիտի ըլլայ ամերիկահայ գրականութեան մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ունեցած ազդեցութեանց:
Ձեռնարկները կազմակերպուած են հայագիտական ծրագիրին ու համալսարանին Հայ ուսանողական միութեան միացեալ ջանքերով:
Դասախօսութեանց մուտքը ա-զատ է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 278-2669 թիւին: