ՄՈՆԹՐՈԶ.- Կազմակերպութեամբ Լա Քրեսենթա հովիտի Հայկական համայնքային ու երիտասարդական կեդրոնին, Հինգշաբթի, Փետրուար 24ին, երեկոյեան ժամը 7էն 9, աշխատանիստ մը կազմակերպուած է՝ քննելու համար երկրին օրէնքները երիտասարդութեան ծանօթացնելու միջոցները եւ կարեւորութիւնը:
Զեկուցումներ պիտի փոխանցեն ոստիկաններ եւ իրաւագէտներ: Մուտքը ազատ է: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (626) 796-6258 թիւին: Հայ Կեդրոնին հասցէն է՝ 2633 Honolulu Avenue, Montrose, CA 91020: