
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Հինգշաբթի, Փետրուար 17ին հաղորդեց, թէ անցեալ շաբթուան ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով անգործութեան ապահովագրութենէն նպաստ ստանալու դիմում կատարողներուն թիւը աճած է 25,000ով՝ հասնելով 410,000ի: Տնտեսագէտներ նման աճ մը կ՛ակնալէին, որովհետեւ նախորդ շաբաթ շատ մը քաղաքացիներ դիմումներ չէին կրցած կատարել, որովհետեւ պետական գրասենեակներ փակ մնացած էին ձիւնի պատճառով: Նման դիմումներու չորս շաբաթեայ միջինը միայն 1750ով աճած է՝ հասնելով 417,750ի: Նաեւ, Հինգշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ Յունուար ամսուան ընթացքին սղաճը 0.4 տոկոս եղած է, ինչ ոը կը նշանակէ, թէ վերջին 12 ամիսներու ընթացքին սղաճը 1.6ի հասած է: Նահանգային գետնի վրայ, Յունուար ամսուան ընթացքին Լոս Անճելըսի եւ Լոնկ Պիչի նաւահանգիստներէն անցնող ապրանքներուն ծաւալը 13 տոկոսով աճած է՝ լաւատեսութիւն ներշնչելով: