
ԵՐԵՒԱՆ,- Փետրուար 17ին, Հայաստանի արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունած է պաշտօնական այցով Երեւան ժամանած Չինաստանի ԱԳ նախարար Եան Ձիեչին: Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի ԱԳ նախարարը յայտնած է, թէ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարի Երեւան այցելութիւնը կը վկայէ երկու երկիրներուն միջեւ վերջին տարիներու աշխոյժ եւ զարգացող յարաբերութիւններուն մասին:
Նախարարները հաստատած են, թէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն նոր լիցք հաղորդած էին անցեալ տարի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Չինաստան կատարած այցելութիւնը, եւ Չինաստանի նախագահին հետ հանդիպումը:
Նախարարները քննարկած են երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն իրականացման ընթացքը, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան ոլորտները առաւել ընդլայնելու ու նորեր ընդգրկելու հնարաւորութիւնները:
Քննարկուած են նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային խնդիրներ, որոնց առթիւ նախարար Նալբանդեան չինացի գործընկերոջ ներկայացուցած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները ու նշած, թէ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Չինաստանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը՝ ԼՂ հիմնախնդիրի կարգաւորման կապակցութեամբ:
Իր կարգին, Չինաստանի ԱԳ նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի որդեգրած դիրքորոշման համար՝ աւանդական «Մէկ Չինաստան»ի հարցով: Կողմերը անդրադարձած են առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու խթանման, փոխադրամիջոցներու, ուժանիւթի, մարդասիրական, մշակութային ու կրթական փոխանակումներու ընդլայնման եւ ապակեդրոնացուած համագործակցութեան հարցերուն:
Էդուարդ Նալբանդեան ու Եան Ձիեչին կարեւոր համարած են տնտեսական բնագաւառին մէջ փոխգործակցութեան զարգացման ուղղուած քայլերը՝ ընդգծելով, որ կողմերու տնտեսական կապերու զարգացման կարեւոր վկայութիւն է, Չինաստանի Շանսի նահանգին մէջ Հայաստանի նախագահի ներկայութեամբ՝ հայ-չինական «Շանսի Նաիրիտ» միացեալ ձեռնարկութեան գործարկումը եւ Հայաստանի մէջ Չինաստանի կողմէ իրականացուող տնտեսական ծրագիրները: Անոնք նաեւ անդրադարձած են հայ-չինական միջկառավարական յանձնաժողովի վեցերորդ նիստի նախապատրաստական աշխատանքներուն:
Նախարար Նալբանդեան շնորհակալութիւն յայտնած է Չինաստանի կառավարութեան շարունակական աջակցութեան առթիւ, որուն շնորհիւ, միայն այս տարի տրամադրուած է շուրջ ութսուն շտապ օգնութեան ինքնաշարժ:
Չինաստանի նախարարը գնահատած է Երեւանի օտար լեզուներու համալսարանին մէջ գործող Քոնֆուցիոսի կեդրոնին կողմէ իրականացուող աշխատանքները՝ ի նպաստ չինական լեզուի եւ մշակոյթի տարածման գործին:
Հայաստանի ու Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման յաջորդած է համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին նախարար Էդուարդ Նալբանդեան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնած է Չինաստանին՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ ունեցած կշռադատուած դիրքորոշման համար:
Իր հերթին, Չինաստանի նախարարը յայտնած է, թէ իր երկիրը հանդէս կու գայ Հարաւային Կովկասի հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման օգտին. «Իմ հայ պաշտօնակիցին հետ հանդիպման ընթացքին, մենք անդրադարձանք նաեւ տարածաշրջանային զգայուն խնդիրներու: Չինաստանի պաշտօնական դիրքրորոշումը այն է, որ մենք կը սատարենք հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման՝ երկխօսութեան ու բանակցութիւններու միջոցով», նշած է Եան Ձիեչին։
Չինաստանի նախարարը յոյս յայտնած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կողմերը բաւարար կամք կը ցուցաբերեն խնդիրի կարգաւորման համար, եւ կը գտնեն այնպիսի լուծում մը, որ բարգաւաճում եւ զարգացում պիտի բերէ տարածաշրջանին:
Նոյն օրը, Չինաստանի ԱԳ նախարարը ընդունուած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի կողմէ։
Ըստ կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան, վարչապետը կարեւոր համարած է «Շանսի-Նաիրիտ» հայ-չինական միացեալ ձեռնարկութեան գործունէութիւնը՝ ընդգծելով, որ այդ յաջող փորձին հիման վրայ, կարելի է նոր նախաձեռնութիւններ իրականացնել: Կողմերը անդրադարձած են Հայաստան-Իրան երկաթուղագիծի շինարարութեան հարցով՝ չինական կողմին ցուցաբերած հետաքրքրութեան:
Զրուցակիցները նաեւ կարեւոր համարած են երկու երկիրներուն միջեւ օդային ուղղակի հաղորդակցութեան հաստատումը, ուսանողներու փոխանակման ծրագիրներու իրականացումը եւ կրթութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան ընդլայնումը:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է Չինաստանի քաղաքացիներուն համար արտօնագիրներու (վիզա) շնորհման ընթացակարգերու պարզեցման առթիւ, իսկ Հայաստանի վարչապետը՝ Հայաստանին ցուցաբերուող շարունակական օժանդակութեանց համար: