
ԹԵՀՐԱՆ, «Ճազիրա».- Չորեքշաբթի, Փետրուար 16ին, ընդհարումներ տեղի ունեցան երկու օր առաջ Թեհրանի մէջ ծայր առած բողոքի ցոյցերուն ընթացքին սպաննուած երկու քաղաքացիներու թաղման արարողութեան ընթացքին: Ընդդիմադիրները կը պնդեն, թէ զոհերէն մէկը իրենց համակիր ցուցարար մըն էր, իսկ իշխանութիւնները կը պնդեն, թէ ենթական սպաննուած է ընդդիմադիրներու կողմէ արձակուած փամփուշտով: Ցուցարարները Եգիպտոսի եւ Թունուզի մէջ ժողովրդական ըմբոստութեան զօրակցող հաւաք մը կը կատարէին։
Յայտնենք, թէ իրանցի երեսփոխաններ Երեքշաբթի օր կոչ ուղղած էին զոհեր եւ տասնեակներով վիրաւորներ պատճառած ցոյցերուն պատասխանատու նկատուող ընդդիմադիր ղեկավարներուն դէմ մահապատիժ սահմանելու։ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանի, Ուաշինկթընն ու անոր դաշնակիցները ամբաստանած էր ընդդիմութեան զօրակցութիւն տրամադրելու յանցանքով:
Միւս կողմէ, իսրայէլական «Տեպքա» լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Իրան կատարած այցելութեան ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ փորձած է հանդիպիլ փողոց դուրս եկած իրանցի ցուցարարներուն հետ, սակայն Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ դէմ կեցած է այս փորձին: Ըստ գործակալութեան, Իրանի նախագահը հրահանգած է «Անգարայի հետ կապերու խզման գնով իսկ» կանխել Կիւլի հանդիպումը ցուցարարներուն հետ՝ լարուածութիւն ստեղծելով երկու ղեկավարներուն միջեւ:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց, թէ կը յուսայ, որ իրանցի ժողովուրդը կը շարունակէ յաւելեալ ազատութիւն պահանջելու արշաւը: «Հեգնական կը գտնեմ, որ իրանեան վարչակարգը Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցածով ցնծալ կը ձեւանայ, միաժամանակ ճիշդ հակառակ ձեւով կը վարուի՝ գնդակահարելով եւ ծեծելով մարդիկ, որոնք կը փորձեն խաղաղ կերպով իրենք զիրենք արտայայտել»։