
ԵՐԵՒԱՆ.- Փետրուար 16ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար (ԱԳՆ) Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Իրանի Իսլամական հանրապետութեան (ԻԻՀ) նախագահի յատուկ բանագնաց, ԱԳ նախարարի տեղակալ Մոհամատռեզա Ռաուֆ Շէյպանիի գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը:
Ողջունելով հիւրը՝ Էդուարդ Նալբանդեան գոհունակութիւն յայտնեց հայ-իրանական յարաբերութիւններուն բնորոշ բարձր մակարդակի համագործակցութեան առնչութեամբ:
Մ. Ռ. Շէյպանի, շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ նախարար Նալբանդեանի փոխանցեց Իրանի ԱԳ նախարար Ալի Աքպար Սալեհի ողջիւններն ու բարեմաղթութիւնները:
Հայաստանի ԱԳ նախարարն ու Իրանի նախագահի յատուկ բանագնացը միտքեր փոխանակեցին յառաջիկայի երկկողմանի շփումներու օրակարգին շուրջ:
Զրուցակիցները անդրադարձան հայ-իրանական միջկառավարական յանձնաժողովի աշխատանքներուն՝ նշելով, որ անիկա կարեւոր դերակատարութիւն ունի տնտեսական համագործակցութեան, միացեալ ծրագիրներու մշակման եւ իրականացման գործին մէջ: Քննարկուեցաւ նաեւ երկու երկիրներու ԱԳ նախարարութիւններուն միջեւ խորհրդատուութիւններու մնայուն եղանակ ստեղծելու հնարաւորութիւնը: