
ԵՐԵՒԱՆ.- Կառավարութիւն կազմող երեք կուսակցութեանց ղեկավարները երէկ կրկին համաձայնեցան յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն զօրակցելու Հայաստանի գործող նախագահի թեկնածութեան:
Չորեքշաբթի ուշ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խորհուրդի նիստը, զոր վարեց Հայաստանի նախագահ, ինչպէս նաեւ ՀՀԿի առաջնորդ Սերժ Սարգսեանը:
Ինչպէս «Ազատութիւն» ռատիօկայանին փոխանցեց իշխող Հանրապետական կուսակցութեան խօսնակ Էդուարդ Շարմազանովը, նիստի ընթացքին յայտարարուած է, որ իշխող «կոալիցիայի» մաս կազմող քաղաքական ուժերու՝ ՀՀԿի, «Բարգաւաճ Հայաստան» (ԲՀԿ) եւ «Օրինաց երկիր» (ՕԵԿ) կուսակցութիւններու միջեւ համաձայնութիւն կնքուած է՝ այսօր, Հինգշաբթի, 17 Փետրուարին նոր պայմանագիր մը ստորագրելու մասին:
«Հանրապետական կուսակցութեան խորհուրդը քննարկեց թէ՛ ներքաղաքական, եւ թէ՛ արտաքին քաղաքական խնդիրներ: Միաձայն հաւանութիւն տրուեց, որպէսզի վաղը կոալիցիոն կուսակցութիւնների՝ ԲՀԿի, ՕԵԿի հետ ստորագրուի կոալիցիոն նոր յուշագիր», յայտարարեց իշխող կուսակցութեան խօսնակը, մերժելով հրապարակել յաւելեալ մանրամասնութիւններ:
Աւելի ուշ, «Ազատութիւն» կայանի ձեռք բերած հաւաստի տեղեկութիւններու համաձայն, ստորագրուելիք յուշագրի մէջ յստակօրէն նշուած է յառաջիկայ ընտրութիւններուն ՀՀ գործող նախագահի թեկնածութիւնը միասնաբար պաշտպանելու մասին:
«Քաղաքական կոալիցիան նախագահական ընտրութիւններում հանդէս կը գայ միասնական թեկնածուով՝ ի դէմս գործող նախագահի, դրանով իսկ երաշխիքներ ստեղծելով՝ ապահովելու փոփոխութիւնների յետագայ շարունակականութիւնն ու մեր երկրի կայուն առաջընթացը յաջորդող 5 տարիների ընթացքում», գրուած է այսօր ՀՀԿի խորհուրդին ներկայացուած նոր համաձայնագրի նախնական բնագրին մէջ:
«Ազատութիւն» ռադիօկայանի տեղեկութիւններով, ՀՀԿի խորհուրդի նիստէն առաջ, Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է կառավարութեան մաս կազմող ուժերու առաջնորդներու հետ, որու ընթացքին համաձայնեցուած է Հինգշաբթի օրը ստորագրուելիք նոր յուշագրի վերոյիշեալ բնագիրը:
Միւս կողմէ, «Երկիր Մեդիա» հեռատեսիլի կայանը, երէկ ուշ գիշերին հրապարակած է երեք կուսակցութեանց կողմէ այսօր ստորագրուելիք յուշագրէն մէկ այլ հատուած, ուր կ՛ըսուի.
«Նոր փոփոխութիւններին ընդառաջ, կոալիցիոն կուսակցութիւնները միասնական են եւ նպատակ չունեն գալիք խորհրդարանական ընտրութիւններում, իրենց քաղաքական կշիռն աւելացնել միմեանց դէմ պայքար ծաւալելու եւ կոալիցիայի ներսում ուժերի յարաբերակցութիւնը փոխելու հարցում: Կոալիցիոն գործընկերները համոզուած են, որ փոփոխութիւնների իրականացման հետեւողականութիւնը աւելի կը մեծացնի կոալիցիայի քաղաքական դերակատարութիւնն ու նրա հանդէպ հասարակութեան վստահութիւնը, յանգեցնելով խորհրդարանական ընտրութիւնների արդիւնքում Ազգային Ժողովում կոալիցիայի ներկայացուածութեան աճին»: