
ԷՋՄԻԱԾԻՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Փետրուար 15ին Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. ընդունած է ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ ծառայող 46 հոգեւոր սպասաւորներ՝ գլխաւորութեամբ բանակի հոգեւոր առաջնորդ Տ. Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի: Վերջինս ներկայացուցած է հոգեւոր ծառայութեան կողմէ իրականացուող աշխատանքները եւ առկայ մարտահրաւէրները: Տեղեկացուած է, թէ յառաջիկայ տարի պիտի տօնախմբուի նշեալ հոգեւոր ծառայութեան կառոյցի հիմնադրման 15ամեակը:
Այնուհետեւ ներկաներուն իր պատգամը փոխանցած է վեհափառը՝ անդրադառնալով բանակին մէջ հոգեւորականներու կարեւոր դերակատարութեան. «Ձեր ծառայութեամբ է նաեւ մեծապէս պայմանաւորուած բացառումը բանակում ցաւալի երեւոյթների ու միջադէպերի: Հոգեւոր ամրութիւնն է, որ պայմանաւորում է անպարտելիութիւնը եւ յաղթանակները բանակի», ըսած է Ամենայն հայոց կաթողիկոսը:
Վեհափառը եկեղեցականներուն կոչ ուղղած է՝ պատասխանատուութեամբ, նուիրումով, հաւատքով եւ անձնական օրինակելի վարքով շարունակելու իրենց առաքելութիւնը՝ ի բարօրութիւնն ազգային բանակի:
Այնուհետեւ հոգեւորականները մատնանշած են ծառայութեան մէջ առկայ դժուարութիւնները՝ յատուկ կարեւորութեամբ շեշտելով, թէ այսօրուան պատկերասփիւռով սփռուած հաղորդումները չեն նպաստեր երիտասարդ սերունդի հայրենասիրական դաստիարակութեան: