ԹԵՀՐԱՆ, «Ալիք».- Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան աղջկանց պասքեթպոլի խումբը՝ վերջին երկու յաղթանակներով հինգերորդ անգամ ըլլալով գրաւեց Իրանի առաջնակարգ լիկայի ախոյեանի դիրքը:
Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի, Փետրուար 9ին եւ 10ին, Ղազուինի մէջ կայացած մրցոյթներուն ընթացքին՝ հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութէան աղջկանց պասքեթպոլի խումբը՝ պարտութեան մատնեց «Շերքաթէ կազէ Թեհրան» խումբը 96-75 արդիւնքով, իսկ «Շերքաթէ քեշթ-օ-սանաթէ Ղազուին»ին պարտութիւն պարտադրեց՝ 75-46 արդիւնքով: Այս ցնծալի լուրին առիթով՝ Փետրուար 11ին՝ «Արարատ» մարզաւանի մէջ մեծարուեցան ՀՄԱԿի պասքեթպոլիստուհիները: