ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայկական մամուլը, որ կը նշանակէ (արդեօ՞ք) նաեւ՝ հայ հասարակութիւնը, բաւական հանգիստ ընդունեց «Լինսի»ի ինքնալուծարման լուրը:
Աւելին, շատ քիչ թիւով լրատուական ծառայութիւններ ու թերթեր արտատպեցին լուրը: Կրնայ ըլլալ որ տակաւին շատ կանուխ է որեւէ տեսակի հակազդեցութիւն սպասելու: Ի վերջոյ, լուրը միայն երէկ հրապարակուեցաւ: Այսուհանդերձ, հաղորդակցութեան գեր-արագ այս դարաշրջանին, մէկ օրը ահաւոր երկար ժամանակ է թէ՛ լուրը տալու եւ թէ զայն մեկնաբանելու համար:
Այս դանդաղկոտութիւնը կրնայ ըլլալ որ ցնցումի ահագնութենէն կու գայ: Կամ ալ, պարզապէս, մենք ենք, որ կը չափազանցենք, ու վերջին քսան տարիներուն մեր ազգին բազմիցս շօշափելի օժանդակութիւն հասցուցած հիմնադրամ մը այսպէս, առանց աղմուկ-աղաղակի, առանց բողոքի կամ շնորհակալութեան ու երախտիքի արտայայտութեան, պատմութեան յանձնելը սովորական երեւոյթ մըն է՝ աննշան իրադարձութիւն:
Ինչո՞ւ այսպէս եղաւ: Ինչո՞ւ մեծ հայորդին յարմար գտաւ մեզի համար բոլոր չափանիշներով հսկայական նկատուող մնացորդը նուիրել «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»ին, առանց իսկ նշելու, որ առնուազն, այդ համալսարանին մէջ գործող հայկական երկու ամպիոնները ինչ որ յատուկ ուշադրութեան արժանանան:
Գըրգ Գըրգորեանի բնաւորութեան կամ անոր նախասիրութիւններու մասին շատ քիչեր, հաւանաբար, ինչ որ բան գիտեն: Իր տաղանդով, իր ձեռներէցութեամբ ու աշխատասիրութեամբ հսկայական միջոցներու տէր դարձած այս ազնիւ մարդը պատահական ու չմտածուած որոշումներ չ՛առներ, վստահաբար: Ի՞նչն էր, ուրեմն, որ դրդեց զայն այս քայլին: Ո՞վ էր իր խորհրդատուն: Ինչո՞ւ ան նախապատուութիւն տուաւ այս համալսարանին, երբ կրնար դարձեալ Ամերիկայի տարածքին լաւագոյն համալսարաններու մէջ հայկական ուսմանց հրաշալի կեդրոններու համար հիմնադրամներ ստեղծել: Թէ՛ հայագիտութիւնը եւ թէ Հայոց պատմութեան կարեւոր ծալքերու ուսումնասիրութիւնը աննախընթաց ոստում կրնային ապահովել՝ նման կեդրոններու ստեղծումով:
Դարձեալ ու կրկին՝ ափսո՜ս: Բայց նայինք առաջ: Մեր ազգային հարցերը միշտ հրաշագործ մարդոց բարի տրամադրութեան չենք կրնար վստահիլ: Թերեւս ա՛յս պատգամն էր, որ կ՛ուզէր մեզ փոխանցել յարգելի բարերարը: