
Հինգշաբթի, Փետրուար 3, 2011ի կէսօրին, մեր դպրոցը այցելեց Հայաստանի հանրապետութեան սփիւռքի նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեան։ Նախարարուհի Յակոբեանին կ՛ընկերակցէր նաեւ Հայաստեանի՝ Լոս Անճելըսի ընդհանուր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան։ Ամերիկեան, հայկական եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, վարժարանի տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք յայտնեց, թէ մեր աշակերտները փոքրիկ յայտագիր մը պատրաստած են ի պատիւ մեր նախարարուհիին եւ իրեն ընկերակցող հիւրերուն։
Մանկապարտէզի աշակերտները արտասանեցին «Անձրեւ, անձրեւ» եւ երգեցին «Լուսնակը ելաւ»։ Ապա Դ. կարգի աշակերտուհի Ալիք Մոմճեան դաշնակի վրայ նուագեց «Հինգալլա»ն։ Ե. կարգի աշակերտները բեմ ելլելով՝ արտասանեցին Խաչատուր Աբովեանի «Լեզուն»։ Հանդէսի աւարտին խումբ մը աշակերտուհիներ ներկաները խանդավառեցին հայկական պարով մը։ Յայտագիրէն ետք, Կ. Անտոնեան հրաւիրեց նախարարուհի Յակոբեանը, որ իր սրտին խօսքը փոխանցէ աշակերտներուն։

Հրանոյշ Յակոբեան աշակերտները յորդորեց, որ երբ տուն երթան, շնորհակալութիւն յայտնեն իրենց ծնողներուն, որ զիրենք այս վարժարանը կը ղրկեն, ապա Խաչատուր Աբովեանի խօսքերը փոխ առնելով՝ ըսաւ. «Ձեր լեզուն, ձեր հաւատը եւ ձեր դպրոցը ուժեղ պահեցէք»։ Նախարարուհին մեր դպրոցին նուիրեց նկար մը եւ խտասալիկ մը, իսկ մանկապարտէզի երկու փոքրիկներ, մեր դպրոցի համազգեստներէն նուիրեցին Հրանոյշ Յակոբեանին եւ Գրիգոր Յովհաննիսեանին։
Մանկապարտէզի եւ Ը. կարգի աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին հետ նկարուելէ ետք, նախարարուհի Յակոբեան ճաշով հիւրասիրուեցաւ դպրոցէն ներս։ Ճաշէն ետք Կ. Անտոնեանի ընկերակցութեամբ, հիւրերը պտտեցան դպրոցի զանազան դասարանները եւ ծանօթացան մեր դպրոցին։
Մեզի համար մեծ ուրախութիւն եւ պատիւ էր ծանօթանալ Սփիւռքի նախարարուհիին։
(Համադրեցին՝
Է. եւ Ը. կարգի աշակերտներ)