ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Անցնող վեց ամիսներուն ընթացքին, Անթիլիասի կաթողիկոսարանէն ներս յաջորդաբար իրագործուեցան բարեզարդումի շարք մը ծրագիրներ: Այսպէս, Մայր տաճարի, Ապրիլեան յուշարձանի, կաթողիկոսաց դամբարանի եւ բոլոր շէնքերու արտաքին ճակատները մաքրուեցան, վեհարանի եւ կարգ մը շէնքերու շինարարութեան կիսատ մնացած աշխատանքները ամբողջացան, նորոգութիւններ եղան նաեւ թանգարանէն եւ կաթողիկոսարանի այլ շէնքերէն ներս: Մայրավանքի բարեզարդման նիւթապէս օժանդակեց Գաբրիէլ Չեմպերճեան:
ԲԱՐԵԶԱՐԴՈՒՄ՝
ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ
ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ ՇՈՒՐՋ
Վեհափառ հայրապետին անմիջական հսկողութեամբ, կաթողիկոսարանի Կալուածոց յանձնախումբի հետեւողական աշխատանքով, բարեզարդման աշխատանքներ սկսած են նաեւ Պիքֆայայի Ապրիլեան յուշարձանին շուրջ: Այս աշխատանքները կ՛ընդգրկեն հետեւեալ ծրագիրները.
Յուշարձանին անմիջական շուրջը գտնուող բակի ընդարձակում, ժայռի վրայ բարձրացած յուշարձանի շրջապատի վերադասաւորում, դէպի յուշարձան առաջնորդող բակի ընդարձակում եւ ծառատունկ, յուշարձանի մաքրութիւն, ժողովրդային լուացարաններու շինութիւն եւ ինքնաշարժներու յատուկ կառատուն: Այս առիթով, նաեւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գտնուող միաբանական դամբարանը պիտի փոխադրուի Պիքֆայա: