ՍՈՉԻ.- Սոչիի «Սեւան» հայկական համայնքը քսան տարուան պատմութիւն ունի: 2009ի Նոյեմբերին, Սոչիի հայերը մեծ շուքով նշեցին «Սեւան»ի 20ամեայ յոբելեանը: Իսկ նոյն տարուան Մարտին, համայնքի ներկայացուցիչները իրենց ձայնը տուին նախկին զինուորական, այժմ Մեծն Սոչիի քաղաքապետի ազգային հարցերու խորհրդատու Յակոբ Քոչքոնեանին, որ կը ղեկավարէր Ռուսաստանի հայերու միութեան տեղի տարածաշրջանը՝ 2000էն ի վեր, եւ այս տարուան Փետրուարին պիտի նշէ իր նախագահութեան 10ամեակը:
Սակայն, ան անսպասելիօրէն, երկուքուկէս տարիով աւելի կանուխ յանձնեց իր պաշտօնը տնտեսական հարցերու փոխնախագահ Հրաչ Մակէյեանին: Ուստի, Յունուար 29ին տեղի ունեցած հաշուետու-ընտրական ժողովին ընթացքին, Հրաչ Մակէյեան միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ նախագահ՝ Սոչիի «Սեւան» հայկական համայնքին, որ իբրեւ հասարակական կազմակերպութիւն մաս կը կազմէ Ռուսաստանի հայերու միութեան:
Նորընտիր նախագահը ելոյթ ունեցաւ ներկաներուն առջեւ եւ իր ծրագիրի առանցքային հիմնախնդիրներէն կարեւորագոյնը համարեց Հայաստանի հետ Սոչիի հայկական համայնքին կապի ու համագործակցութեան ամրապնդումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.