
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան 2011ի ամավարկին կապակցութեամբ իրենց առաջադրութեանց մէջ, Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական մեծամասնութիւնը ներառած է յատկանշական կրճատումներ, որոնց զոհ կրնայ երթալ Հայաստանի եւ Արցախի տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութեանց ծաւալը:
Կ՛ակնկալուի, որ Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստը յառաջիկայ շաբաթ սկսի քննելու այս հարցը. այդ պատճառով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նամակներ յղած է քոնկրեսականներուն՝ շեշտելով, որ Հայաստանի եւ Արցախի համար նկատի առնուելիք օժանդակութիւնները պէտք չէ կրճատուին, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել շրջանի խաղաղութիւնը եւ երկարատեւ կայու-նութիւնը:
Նամակներուն մէջ նշուած են յատկապէս հետեւեալ կէտերը.
– Առնուազն 50 միլիոն տոլարի տնտեսական օժանդակութիւն տրամադրել Հայաստանի իշխանութեանց, որպէսզի կարելի ըլլայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պարտադրած երկարամեայ շրջափակումներուն պատճառած վնասները դարմանել, միաժամանակ ամրապնդելով Հայաստանի անկախութիւնը:
– Առնուազն 10 միլիոն տոլարի ռազմական օժանդակութիւն տրամադրել Հայաստանի, միաժամանակ շեշտելով, թէ Ատրպէյճան պէտք չէ Հայաստանի տրամադրուող ռազմական օժանդակութենէն աւելի նպաստ ստանայ՝ պահպանելու համար շրջանային կայութիւնը:
– Առնուազն 10 միլիոն տոլար տրամադրել Արցախի բարգաւաճման ծրագիրներուն:
– Պահպանել Ազատութեան նեցուկ կանգնելու օրէնքին թիւ 907 յօդուածը, որ կ՛արգիլէ Ատրպէյճանին ռազմական օժանդակութեանց յանձնումը, մինչեւ այն ատեն, որ Պաքու չի կասեցներ իր սպառնալիքները:
Այս նպատակով ձեր քոնկրեսականներուն նամակներ յղելու համար, այցելել հետեւեալ կայքէջը՝ www.anca.org/action_alerts/action_disp.php?aaid=26912531: