
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Փետրուար 2ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, գեղարուեստական շարժապատկերի գլխաւոր բեմադրիչ Աշոտ Պօղոսեան յայտնած է, թէ Մոսկուայի մէջ նկարահանուող «Ընդհատուած երգը» ֆիլմը, հայ եւ ատրպէյճանցի ժողովուրդներու հակամարտութեան մէջ պարզաբանում մը կատարելու փորձ է:
«Արուեստը կոչուած է միաւորել մարդկանց. հէնց դա ենք մենք փորձում անել: Զէնք ճօճելու եւ անիմաստ սպառնալիքների ժամանակները պէտք է անցեալում մնան: Ղարաբաղն ինքնորոշուել, անկախացել է դեռ 1991ին, եւ այժմ յետքայլ չի կարող լինել: Ատրպէյճանը պէտք է այնքան արիութիւն գտնի իր մէջ, որ ընդունի այս փաստը եւ սատարի յարաբերութիւնները կարգաւորելու կառուցողական երկխօսութեանը: Մեր ֆիլմը լաւ առիթ է երկու ժողովուրդների փոխըմբռնման համար անհրաժեշտ նախադրեալներ ստեղծելու համար», ըսած է ան:
Ա. Պօղոսեանի խօսքով, նկարահանող խումբը բազմիցս յայտարարած է, որ պատրաստ է համագործակցելու շահագրգիռ բոլոր մարդոց հետ, ներառեալ՝ ատրպէյճանցիներու, սակայն վերջիններուս կողմէ համագործակցութեան որեւէ առաջարկ չէ եղած: «Ատրպէյճանը ջանք չի խնայեր ապագայ շարժանկարը վարկաբեկելու համար», նկատել տուած է ան:
Անդրադառնալով շարժապատկերին մէջ շեշտուող երկու ժողովուրդներու ցեղական անհամատեղելիութեան՝ Պօղոսեան յայտնած է. «Չխոստովանել, որ մեր հասարակութիւններում շատերն ունեն այդ կարծիքը, արդարութեան դէմ մեղանչել կը լինի: Խօսել առկայ կարծրատիպի մասին՝ չի նշանակում «նկարահանել ֆիլմ էթնիկ անհամատեղելիութեան մասին: Հակառակը՝ մենք ցանկանում ենք ցոյց տալ, որ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչումից յետոյ, որը քեմալական Թուրքիայի եւ պոլշեւիկների յանցաւոր պայմանաւորուածութեամբ 20րդ դարեսկզբին մտցուել է Ատրպեճանական ՍՍՀ կազմ, կարող են ստեղծուել երկու հարեւան ժողովուրդների յարաբերութիւնների կարգաւորման նախադրեալներ: Զուր չէ ընտրուած ֆիլմի կարգախօսը՝ «Պատերազմի վերջնական նպատակը խաղաղութիւնն է»»:
Պօղոսեանի համաձայն, նկարահանող խումբը կը ցաւի, որ Ատրպէյճանը, ղեկավարուելով «չեմ տեսած, բայց կը դատապարտեմ» սկզբունքով՝ կը փորձէ ամէն կերպ խոչընդոտել նախագիծը եւ յարձակողական արշաւ ծաւալել լրատուամիջոցներու մէջ:
«Մենք կոչ ենք անում ատրպեճանական կողմին՝ դրսեւորել ողջամտութիւն եւ միանալ նախագծին», ըսած է Պօղոսեան, տեղեկացնելով, որ շարժապատկերին շնորհահանդէսը պիտի կայանայ Փետրուարի վերջաւորութեան։ Նաեւ նշուած է, որ անոր պաշտօնական՝ www.prervannaya-pesnya.ru կայքի գործարկումէն ետք, երկու շաբթուան ընթացքին կայքը ունեցած է աւելի քան հարիւր հազար այցելու, որոնցմէ աւելի քան 30,000ը՝ ատրպեճանական IP-հասցէներէ:
Յիշեցնենք, որ «Ընդհատուած Երգը» շարժապատկերի ստեղծման գաղափարը կը պատկանի Մոսկուա բնակող խումբ մը հայ երիտասարդներու: Շարժապատկերին նպատակն է՝ անաչառ մօտեցումով ներկայացնել դարերու ընթացքին ստեղծուած այն իրականութիւնը, որ այսօր կը խոչընդոտէ երկու ժողովուրդներուն համակեցութիւնը:
Նիւթին համաձայն, Ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին հայն ու ատրպէյճանցին կ՛իյնան խորունկ հորի մը մէջ, եւ այնտեղ անոնց միջեւ երկխօսութիւն կը ծաւալի: Ֆիլմին հեղինակները չեն պաշտպաներ հերոսներէն ոեւէ մէկը դիրքորոշումը, այլ ընթացող բանավէճին միջոցով, ստեղծուած իրավիճակէն ընդունելի ելք կը փորձեն գտնել երկուստեք:
Շարժապատկերին առաջին ներկայացումը պիտի կայանայ Մոսկուայի մէջ, Մայիսի վերջաւորութեան, այնուհետեւ նաեւ ԱՄՆի, Ֆրանսայի, Վրաստանի, Թուրքիոյ, Հնդկաստանի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Պալգանեան կարգ մը երկիրներու մեծ սրահներուն մէջ: Շարժապատկերի բեմադրիչն է Արիկ Մանուկեան, իսկ գլխաւոր բեմադրիչը՝ Աշոտ Պօղոսեան: