ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպանը յայտարարեց, թէ իր երկիրը յանձնառու կը մնայ, տարիներու լարուածութենէն ետք, երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց բարելաւման։ Դեսպան Ռապըրթ Ֆորտ իր հաւատարմագիրները Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի յանձնելէ ետք, յայտնեց, թէ իր նշանակումը փաստ է, որ «մենք յանձնառու ենք փորձելու եւ լուծելու մեր կառավարութեանց միջեւ գոյութիւն ունեցող հարցերը»։ «Միացեալ Նահանգներու եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները յաճախ դժուար եղած են», ըսաւ Ֆորտ՝ աւելցնելով, որ Ասատի հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձած են «կարգ մը մարզերու, որոնց մէջ, կը յուսանք, ճշդել հասարակաց հարցեր եւ զանոնք լուծելու ձեւեր, որոնք կը համապատասխանեն մեր երկիրներու շահերուն»։
Ուաշինկթըն կը յուսայ, որ հինգ տարուան բացակայութենէ ետք Միացեալ Նահանգներու դեսպանի մը Սուրիա վերադառնալը պիտի օժանդակէ Սուրիան համոզելու փորձին, որ ան փոխէ Իսրայէլի, Լիբանանի, Իրաքի եւ ահաբեկչական կազմակերպութեանց զօրակցութեան նկատմամբ իր քաղաքականութիւնները։ Միացեալ Նահանգներ իր դեսպանը Դամասկոսէն հեռացուցած էր 2005ին, իբրեւ հակազդեցութիւն Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.