Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը լրատու գործակալութիւններուն յայտնեց, թէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան այցելած է Հայաստան-Ռուսիա օդային հասարակաց հրամանատարութեան կեդրոնը եւ ուսումնասիրած է այնտեղ «S-300» հրթիռները:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց նաեւ, որ Սէյրան Օհանեան բացումը կատարած է զինուորական զօրախումբի շէնքի մը, քննարկումներ կատարած է ռազմավարական կեդրոնին մէջ եւ քննած է աշխատանքը «S-300» հրթիռներու: Այսպէս, Հայաստան պաշտօնապէս յայտարած է, որ ունի «S-300» հրթիռներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.