ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինին, Երկուշաբթի, Յունուար 17ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ Դատի շաբթուան» նուիրուած նախաձեռնութիւններուն բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը, Հայ Դատին նուիրուած արուեստագէտներու գեղանկարներու եւ քանդակներու ցուցահանդէսին բացումը եւ Հայ Դատի քարոզչական հրատարակութիւններու ու որմազդներու ցուցադրութիւնը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը Հայ Դատի մարմինին անունով արտասանեց Արին Գալուստեանը, որ նշեց, թէ «Հայ Դատի շաբթուան» իւրաքանչիւր օրուան ընթացքին պիտի գործադրուի յատուկ յայտագիր մը։ Ապա ներկաները դիտեցին Լիբանանի Հայ Դատի մարմինի միամեայ գործունէութիւնը ամփոփող տեսաերիզ մը։
Այնուհետեւ խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեանը, որ յայտնեց, թէ լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական առկայ կացութիւններուն մէջ միջնորդութիւն կատարելու եւ վճռորոշ դերակատարութիւն ունենալու թրքական գործօնին ճնշիչ ներկայութիւնը մղեց «Հայ Դատի շաբաթ» անուան տակ ձեռնարկներու այս շարքը նախաձեռնելու եւ կազմակերպելու։
Կիտանեան ըսաւ, որ «Հայ Դատի շաբթուան» ձեռնարկներու շարքը կը նպատակադրէ նաեւ Հայ Դատի նորօրեայ հարցերու զարգացումներուն իրազեկ դարձնել լիբանանահայութեան զանազան խաւերը՝ լաւապէս հասկնալու համար այսօրուան մարտահրաւէրները եւ ճշդելու զանոնք դիմագրաւելու ռազմավարութիւններն ու մարտավարութիւնները։
Ան աւելցուց, որ վերոնշեալ տուեալներէն մեկնած, «Հայ Դատի շաբթուան« ձեռնարկներուն առանցքը կը կազմէ Արցախը, æաւախքը եւ Արեւմտահայաստանը։ Իր խօսքի աւարտին, Աւետիս Կիտանեան ներկայացուց մէկ շաբթուան ընթացքին կազմակերպուելիք նախաձեռնութիւններու շարքն ու մանրամասնութիւնները։
Բացման պաշտօնական հանդիսութեան վերջին խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի գեղարուեստական պատասխանատու Ժանէթ Յակոբեան-Եափուճեանը, որ նշեց, թէ ցուցահանդէսին մասնակից արուեստագէտները իրենց գործերով իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան։ Յակոբեան-Եափուճեան հաստատեց, որ արուեստի գործ մը կամ քարոզչական որմազդ մը կրնայ ամբողջ պատմութիւն մը ներկայացնել եւ դառնալ ներշնչման միջոց։ Ժանէթ Յակոբեան-Եափուճեան ըսաւ, որ Հայ Դատի պահանջատիրութեան միջոցներէն մէկն է արուեստը, եւ այս ցուցահանդէսը այդ միջոցին արտայայտութիւնն է։
Նշենք, որ գեղանկարներու ու քանդակներու ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերած են հետեւեալ արուեստագէտները. Կիւվտեր, Զաւէն Խտըշեան, Կիւլէն, Միսաք Թերզեան, Շահէ Տէր Պօղոսեան, Սիրվարդ Ֆազլեան, Շահէ Տէր Յարութիւնեան, Տարիա Խտըշեան, Հրաչ Այնթապլեան, ՐաՖՖի Ետալեան, Ռիթա Մասոյեան-Ետալեան, Մարալ Տէր Պօղոսեան, Լիւսի Փոշօղլեան, Գէորգ Ուլաշեան, Ժանէթ Եափուճեան, Լուսին Գարգաշեան, Տորին Խանամիրեան-Զէյն, Ռոստոմ Գույումճեան եւ Յովսէփ Գասպարեան։ Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ «Հայ Դատի շաբթուան» աւարտը՝ Յունուար 22։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.