Միջազգային ճգնաժամային խմբակի եւրոպական ծրագիրի տնօրէն Սապինա Ֆրէյժըր յայտարարած է, որ յառաջիկայ կէս տարուան ընթացքին պէտք չէ պաշտօնական մակարդակի վրայ յառաջխաղացք ակնկալել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ, որովհետեւ 2011ի Յունիսին, Թուրքիոյ մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան։
«Իսկ Թուրքիոյ կառավարութիւնը չի փափաքիր, որ թրքական ազգայնական կուսակցութիւնները աշխոյժ կերպով ընդդիմանան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին», յայտարարած է Ֆրէյժըր՝ միաժամանակ նշելով, որ հասարակական մարզի հայկական եւ թրքական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, գործարար շրջանակներուն եւ լրագրողներուն միջեւ շփումները կը շարունակուին։
«Հակառակ անոր, որ Թուրքիան կը շարունակէ փակ պահել Հայաստանի հետ սահմանը՝ ի նշան Ատրպէյճանի հետ համերաշխութեան, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ կապերը պէտք չէ դադրեցուին։ Հայերու եւ թուրքերու միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւումը կրնայ դրական ազդել տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման գործին մէջ», ըսած է ան։