ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ՖԻՖԱն այսօր հրապարակած է ազգային հաւաքականներու վարկանշային նոր աղիւսակը, ուր Հայաստանի հաւաքականը պահպանած է 60րդ հորիզոնականը: Ըստ «ArmSport.am»ին, Նոյեմբեր եւ Դեկտեմբեր ամիսներուն խումբը հանդիպում չէ ունեցած, ուստի էական տեղաշարժեր չէին սպասուէր:
Յաջորդ աղիւսակին մէջ Հայաստան կրնայ առաջընթաց ունենալ, եթէ ան Փետրուար 9ին յաջող դուրս գայ Կիպրոսի մէջ Վրաստանի հետ կայանալիք ընկերական մրցումէն:
Աղիւսակին վրայ վրացիները յառաջդիմած են 1 հորիզոնականով, եւ այժմ կը գտնուին 72րդ հորիզոնականին վրայ:
«Եուրօ-2012»ի ընտրական փուլին, Հայաստանի յառաջիկայ մրցակից Ռուսիոյ հաւաքականը պահպանած է իր 13րդ տեղը: Միւս մրցակիցները յայտնուած են հետեւեալ դիրքերուն վրայ. Սլովաքիա՝ 20րդ, Իրլանտա՝ 35րդ, Մակեդոնիա՝ 81րդ եւ Անտորա՝ 202րդ:
Լաւագոյն տասնեակին մէջ փոփոխութիւններ գրեթէ չեն պատահած:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.