ՄԱՐԻ ԹՐԹՌԵԱՆ

Հայ ամերիկեան տարեցներու միութեան Փասատինայի մասնաճիւղի հերթական Նոր Տարուան ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Փասատինայի նոր Հայ կեդրոնին մէջ, անդամ-անդամուհիներու եւ հիւրերու ներկայութեամբ:
Մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ Մարի Թրթռեան, հաւաքոյթին բացումը կատարեց՝ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, ապա ներկայացուց հիւրերը՝ կեդրոնական վարչութեան անդամներ Մերի Դանիէլեան, Աղանուր Աղուանեան, Ռաֆֆի Ճաւաթեան, ինչպէս նաեւ Հոլիվուտի վարչութիւնը եւ ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը:
Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Թաւալեան» մանկամսուրի ծաղիկ դասարանի աշակերտները: Անոնք իրենց ուսուցիչներուն հետ մտան սրահ. ներկաները ծափահարութեամբ ընդունեցին զիրենք, եւ ուսուցչուհիներու ղեկավարութեամբ սկսաւ յայտագիրի գործադրութիւնը: Դաշնակի վրայ կ՛ընկերակցէր Սուզաննա Փաշայեանը: Ներկաները շատ գոհ մնացին, գնահատեցին երեխաները եւ ուսուցիչներուն տարած աշխատանքը:
Ատենապետուհին, իր վարչութեան եւ ներկաներուն կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց «Թաւալեան» դպրոցի յարգարժան տնօրէնուհի Հելէն Մանուչարեանին, որ ամէն Նոր Տարի սիրայօժար կը ղրկէ իր աշակերտները, որպէսզի ուրախացնեն տարեցները: Այս ուրախ առիթով, վարչութիւնը իւրաքանչիւր աշակերտի նուիրեց մանկական գրքոյկներ:
Շրջանիս տէրհայրը՝ Խորէն քհնյ. Պապօշեանը, բեմ հրաւիրուեցաւ իր սրտին խօսքը փոխանցելու: Ան նախ օրհնեց սեղանները, ապա շնորհաւորեց ներկաներուն Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը, թելադրելով, որ անոնք իրենց զաւակները հայեցի դաստիարակութեամբ եւ հայապահպանման ոգիով պահեն ու իրենց մայրերուն վստահին զանոնք, ապա մաղթեց առողջութիւն եւ յաջողութիւն ներկաներուն եւ բացականերուն:
Ճաշի սպասարկումէն ետք, հրաւիրուեցաւ կեդրոնական վարչութեան անդամ Աղանուր Աղուանեանը իր սրտին խօսքը փոխանցելու. «Կեդրոնական վարչութեան անունով, ողջունում ենք բոլորիդ ներկայութիւնը Փասատինայի մասնաճիւղի ճաշկերոյթին, որ նուիրուած է «Թաւալեան» մանկամսուրի երեխաներին, շնորհաւորում ենք մասնաճիւղի վարչութեանը եւ ատենապետուհի Մարի Թրթռեանին: Այս գեղեցիկ նպատակի համար, առիթից օգտուելով՝ նաեւ շնորհաւորում ենք Ձեր Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը», ըսաւ Աղուանեան:
Մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ անոր քաջալերանքին համար: Ապա կարգը հասաւ գեղարուեստական բաժինին:
Օրուան երգիչն էր Նշան Ջաղացպանեան: Ան եկաւ սիրայօժար եւ ճոխացուց Նոր Տարուան այս ձեռնարկը ազգային, յեղափոխական եւ զանազան այլ երգերով: Ան փայլք տուաւ ձեռնարկին ու անոր յաջողութեան, որուն համար մասնաւոր եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ երգիչին:
«Արիւնոտ Դրօշ»ով վերջ գտաւ այս ձեռնարկը: