ՔՈՒԷՅԹ.- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22ին, երեկոյեան ժամը 9:30ին, Քուէյթի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 120ամեակի տօնակատարութիւն:
Օրուան պաշտօնական բացումը կատարեց շրջանի ներկայացուցիչ Յակոբ Պետիրեան։ Ան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ ՀՅԴի մէկ դար եւ քսան տարիներու ընթացքին տարած հսկայ ու ծաւալուն աշխատանքներուն, եւ հաստատեց, թէ ՀՅԴի տարեդարձներու նշումը հաշուետուութեան եւ դաշնակցականի տուած երդումը կրկին հաստատելու պատշաճ առիթ է։
Ան բարի գալուստի յատուկ խօսք փոխանցեց Լիբանանէն հիւրաբար ժամանած Գառնիկ Մկրտիչեանին, ինչպէս նաեւ յատուկ առաքելութեամբ Գանատայէն ժամանած ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Մարօ Ֆուրունճեանին։
Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Պէյրութէն ժամանած, «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրապետ Շահան Գանտահարեան։ Ան խօսելով թուրքեւատրպեճանական դաշինքի աշխուժացման մասին՝ շեշտեց Հայաստանի հանրապետութիւն-Արցախ-Սփիւռք բոլոր ուղղութիւններով եռամիասնութիւնը ամրակայելու անհրաժեշտութիւնը: Ապա ցուցադրուեցաւ «Մէկ դար եւ քսան տարի» խորագրեալ խտասալիկը, որուն մէջ կը ներկայացուէր ՀՅԴի անցած պատուաբեր ճանապարհն ու այդ ճանապարհին վրայ զոհուած նուիրեալներուն ամփոփ կենսագրականները։
Տօնակատարութեան յաջորդ հանգրուանը ընթրիքն էր։ Խրախճանքի ընթացքին խօսքեր առին քանի մը ընկերներ, որոնք հաստատեցին իրենց երդումն ու խոստացան ճիգ չխնայել՝ Հայաստանի պետականութեան ամրակայման, հայութեան ազգային եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, պատմական արդարութեան վերականգնման իրենց պայքարին մէջ, որովհետեւ իրենք կը հաւատան, թէ Դաշնակցութիւնը միշտ պիտի մնայ անդրդուելի եւ անզիջող, ու պիտի իրագործէ հայութեան սրբազան նպատակը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.