ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի պետական եկամուտներու կոմիտէի (ՊԵԿ) մամլոյ ծառայութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, անցնող տարուան ընթացքին ՊԵԿ համակարգին մէջ յատուկ քննութիւն իրականացուցած է 471 հարկային ծառայող, որոնցմէ 70ը չէ համապատասխանած իր պաշտօնին:
Իբրեւ հետեւանք, 31 հոգին ազատուած է հարկային ծառայութենէն, իսկ 39ն՝ անցած այլ պաշտօնի: Համակարգի թափուր պաշտօններուն համար կազմակերպուած է 2 մրցոյթ, որուն մասնակցելու դիմում ներկայացուցած է 789 քաղաքացի: Մրցոյթներուն արդիւնքով, հարկային ծառայողի պաշտօնին նշանակուած է 73 դիմորդ: Աշխատանքներ տարուած են նաեւ ներքին կարգապահութեան եւ վարքագիծի կանոններու պահպանման ուղղութեամբ. 2010ի ընթացքին, կարգապահական պատասխանատուութեան ենթարկուած է 398 հարկային եւ 11 մաքսային ծառայող: