ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նոր տարուան նախօրէին Եռաբլուր պանթէոն այցելած է Հայաստանի բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը՝ նախագահ Սերժ Սարգսեան, ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ Գորիկ Յակոբեան, գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեան եւ այլք: ՀՀ իշխանութիւնները ծաղիկներ դրած են սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի եւ զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն, եւ ծաղկեպսակ՝ արցախեան գոյամարտի ընթացքին զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին, յարգանքի տուրք մատուցելով անոնց յիշատակին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.