Տօնական օրերուն առթիւ եւ գործակցութեամբ «Հայ գիր» ընկերութեան, Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը յղացած էր գեղեցիկ գաղափարը կազմակերպելու արցախեան գորգերու ցուցահանդէս վաճառք մը, Կիրակի 12 Դեկտեմբերին, եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահին մէջ, ուր ներկաներուն առիթ ընծայուեցաւ ոչ միայն դիտելու ու վայելելու ազգային արժէք ներկայացնող գորգերու նմոյշներ, այլ նաեւ գնելու եւ անձնապէս ընդմիշտ իրենց տրամադրութեան տակ ունենալու զանոնք։
Սուրբ պատարագի աւարտին, ներկաները ուղղուեցան «Կիրակոս» հանդիսասրահ, ուր տեղի ունեցաւ նաեւ ամէն շաբթուան «Ընկերային ժամ»ը. անոնք իրենց դիմաց գտան սրահ մը՝ զարդարուած գեղեցիկ գորգերով, որոնք արդիւնք էին արցախցի գորգագործուհիներու ձեռքի աշխատանքին։
Հայկական գորգերու իւրայատկութեան մասին խօսեցաւ եւ ներկաներուն հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ «Հայ գիր»ի տնօրէն Յովիկ Մահսէրէճեանը։ Եկեղեցւոյ ծխականներն ու հոգաբարձութեան անդամները գնահատեցին տարուած աշխատանքն ու արդիւնքը, որուն շնորհիւ, մէկ կողմէ՝ առիթ ընծայուած էր մօտէն ծանօթանալու հայկական գորգերու նախշերուն, անոնց յղացման գաղափարներուն ու խորհուրդներուն, իսկ միւս կողմէ՝ որոշ եկամուտ ապահովուած Արցախի տնտեսութեան եւ կազմակերպիչ եկեղեցիին։