ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու թրքական «Քոն Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուող «Մայրաքաղաքի օրակարգը» յայտագիրի ընթացքին յայտարարած է, որ եթէ կեանքի կոչուին Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները, ապա հայկական Սփիւռքին ազդեցութիւնը զգալի չափով պիտի նուազի։
«Երբ հայ-թրքական արձանագրութիւնները շրջանառութեան մէջ դրուին, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի օրակարգին վրայ Ցեղասպանութեան բանաձեւեր ներառելու հարցին մէջ հայկական Սփիւռքի ազդեցութիւնը պիտի նուազի», պնդած է նախարարը։
Թրքական «Պէյազկազեթէ» թերթը, իր կարգին կը հաղորդէ, թէ Տաւութօղլու յայտագիրին ընթացքին անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը օրակարգ ներառելու օրուան եւ պատմած. «Քոնիայի մէջ կ՛ուզէի հանգիստ կերպով հետեւիլ «Շեքէ Արուզի» ձեռնարկներուն։ Սակայն հայկական բանաձեւի խնդիրը ի յայտ եկաւ, եւ ես ստիպուեցայ դուրս գալ եւ հեռաձայնել Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Քլինթընին։ Ինչպէ՞ս կրնայի հանգիստ-հանգիստ ձեռնարկ դիտել»։
«Երբ հայ-թրքական արձանագրութիւնները շրջանառութեան մէջ դրուին, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի օրակարգին վրայ Ցեղասպանութեան բանաձեւեր ներառելու հարցին մէջ հայկական Սփիւռքի ազդեցութիւնը պիտի նուազի»
Այս նախադասութիւնը եթէ վերագրենք Տիկին Քլինթոնին՝ աւելի տրամաբանական կըլլայ. որովհետեւ պայման մըն է թուրքիոյ՝ Ամերիկիան քաղաքականութեան արձանագրութիւններու ճամբորդութիւնը իր վերջաւորութեան հասցնելու համար։
Իսկ, թուրք ԱԳՆ-ը իր ստախոս սովորութիւններուն յենուելով, ընդունէց առաջարկը՝ ի մտում արանձ վավերացնելու քաշքշել մինչեւ Ապրիլ 24-ը։ Հետոյ կրկին նոր սակարկութեան/համացայնութեան գալու նպատակով։