ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
ՄՈՒՏՔ

Ինչպէս որեւէ ժողովուրդի, նոյնպէս ալ մեզի՝ հայերուս համար, նորահաս սերունդը՝ չափահաս պատանիներն ու երիտասարդները, անվիճելիօրէն կը կազմեն այն խմբաւորումը, տարիքային ա՛ յն «դասակարգը», որուն կը սեւեռին բոլորիս աչքերը՝ իբրեւ ժառանգորդ-կրողները մեր ազգի բոլոր գլխաւոր հիմնահարցերուն, իբրեւ կամուրջ՝ «հիներուն» եւ նորին միջեւ, իբրեւ երաշխաւորները ԱՊԱԳԱՅԻՆ։
Մեր աչքերը կը սեւեռին այս «դասակարգին», ա՛յն հաստատ համոզումով, որ ան պիտի ըլլայ շարունակողը դարերէն եկող ազգային դրօշարշաւին՝ մեր հասարակական կեանքի բոլոր կալուածներուն ու դաշտերուն մէջ, այդ դրօշը նորանոր նուաճումներու տանողը։
Մեր յոյսերն ու հաւատքը կը կապենք երիտասարդներուն, ու երիտասարդութեան սեմին կանգնող պատանիներուն, մայր հայրենիքին մէջ թէ ի սփիւռս աշխարհի, մեկնելով դարերու իմաստութիւնը խտացնող համապարփակ փորձառութիւններէ, որովհետեւ տեսած ենք որ երիտասարդութիւնը, խելամիտ թէ արկածախնդիր-չարաճճիի իր յատկանիշներով, անփոխարինելի ու կենսական դերակատարութիւն ունեցած է մեծ ու փոքր հարցերու դիմագրաւման, հետապնդման ու լուծումներու որոնման-առաջնորդումին մէջ։ (Անմիջապէս ըսենք, որ այս սիւնակներուն նպատակը չէ նսեմացնել երէց սերունդներու դերն ու փորձառութիւնները. փաստօրէն, ամէն անհատ կ՛անցնի երիտասարդութեան բովէն։ Այլ կ՛ուզենք լուսարձակի տակ բերել երիտասարդութեան հիմնական դերը մեր ազգի կեանքին մէջ, նկատի ունենալով որ երիտասարդութեան խանդն ու յաճախ կրքոտ գործը միշտ ալ տարբեր սլացք տուած են մեզ յուզող-շահագրգռող-տագնապեցնող հարցերու հետապնդման։ Յամենայնդէպս, երէց սերունդի բանալի դերակատարութեան մասին ըսելիք ունինք քիչ մը անդին)։
Կրնանք բազմաթիւ օրինակներ բերել տարբեր ժողովուրդներու կեանքին ու պատմութեան մէջ շրջադարձ առթող երիտասարդներու (մասնաւորաբար ուսանողներու) գործունէութիւններէն, Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկաներ, Միջին ու Ծայրագոյն Արեւելք. մօտիկ անցեալէն յիշատակենք միայն Եւրոպայի ու Չինաստանի այլափոխման մէջ դեր ունեցած ուսանողական-երիտասարդական շարժումները։ Սակայն եկէք, այլ ժողովուրդները պահ մը թողունք իրենց պատմութեան ու զարգացման ուղիներուն մէջ ու առանձնացնենք մեր պարագան, յիշելու՝ որ մեծ մասամբ երիտասարդներ են եղած մեծ գործերու ռահվիրաները, ճամբայ բացողները։ Եթէ պէտք է յիշատակել քանի մը օրինակներ, կանգ առնենք միայն մէկ քանի պատմական հանգրուանի վրայ։
Երիտասարդնե՛ր էին մեր ազգային մշակոյթի հիմնադիրներն ու թարգմանչաց սերունդը, Մեսրոպ Մաշտոցով ու աշակերտներուն փաղանգով, որոնք օր մը վերհասու եղան թէ իբրեւ ինքնուրոյն ազգ՝ հայուն գոյատեւման գլխաւոր, եթէ ոչ միակ երաշխիքը՝ իր սեփական լեզուին պահպանումն ու մշակոյթի զարգացումն են։ Մեր ոսկեդարը կերտողները մեծ մասամբ երիտասարդներ էին, որոնք առաջնորդուեցան երէցներու կողմէ ու ձեռք առին մշակոյթի փրկութեան-կերտումի ղեկը։ Այդ երիտասարդները յաջորդ դարերուն ու այսօր ալ կը գտնուին մեր ազգապահպանման գործի ռահվիրաները հանդիսանալու պատուանդանին վրայ։
Երիտասարդնե՛ր էին տարբեր դարաշրջաններուն մարմին առած, վերահաստատուած հայկական պետականութեան կերտիչները՝ Հայաստանէն մինչեւ Կիլիկիա։
Երիտասարդնե՛ր էին մեր նորագոյն պատմութեան յեղափոխականները, գրականութեան-միտքի թէ զէնքի ասպարէզներուն մէջ։ Խաչատուր Աբովեանէն մինչեւ Միքայէլ Նալպանտեան, Րաֆֆի, Վարուժան, Սիամանթօ, Չարենց ու Պարոյր Սեւակ՝ մեր մտաւորականները իրենց կնիքը կերտած են երիտասարդութեան օրերուն (գիտենք արդէն, որ շատեր, եաթաղանի կամ կարմիր մանգաղին զոհ երթալով, չհասան երիտասարդութենէ անդին հասնելու բախտին)։
Երիտասարդնե՛ր էին մեր յեղափոխութեան կերտիչները՝ Խրիմեան Հայրիկէն, Մկրտիչ Փորթուգալեանէն մինչեւ Արաբօ, Զաւարեան, Քրիստափոր ու Ռոստոմ, մինչեւ Սեփաստացի Մուրատ, Մուրատ Պոյաճեան, Արամ Մանուկեան, Թերլեմէզեան, Նիկոլ Դուման, կախաղաններ արհամարհող նահատակներ եւ բիւրաւոր ֆետայիներ, որոնք խիզախումի դրուագներով երկնեցին մեր նորագոյն պատմութեան լուսաւոր էջերը։
Երիտասարդնե՛ր էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչնե՛րը, ցեղասպան սադրիչները ահեղ հաշուետուութեան կանչող արդարահատոյցնե՛րը՝ Դրոյէն մինչեւ Հ. Փափազեան, Թեհլիրեան, Շիրակեանէն մինչեւ Թորլաքեան ու Նաթալի։

Վերջապէս, երիտասարդնե՛ր էին մեր նորագոյն արդարահատոյցները՝ եւրոպական ոստաններէն մինչեւ Աւստրալիա, Ամերիկա եւ Լիզպոն։ Ու տակաւին, երիտասարդնե՛ր էին Արցախի հերոսամարտը դարբնողներն ու յաղթանակներ կերտողները, անոնց աւանդը պահպանողները, երիտասարդնե՛ր են մեր Դատին դրօշը բարձր պահողները՝ քաղաքական, դիւանագիտական թէ ուժի այլ դաշերու մէջ։
Ահա թէ ինչո՛ւ մեր աչքերը կը սեւեռենք մեր նորահաս սերունդներուն, ինչո՛ւ մեր աչքի լոյսին պէս կը գուրգուրանք, պէ՛տք է գուրգուրանք անոնց վրայ, նախանձախնդիր ենք, որ երիտասարդութիւնը բոլորանուէր կերպով ներգրաւուի մեր ազգային կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ, քաղաքական, մշակութային, տնտեսական թէ այլ, որովհետեւ մեր ազգի գոյատեւման, մեր հայրենիքի բարգաւաճման եւ հայութեան ու հայրենիքի ապագային երաշխիքը՝ նոյնինքն երիտասարդութիւնն է, «դասակարգ» մը, որուն առողջ ու վսեմ նկարագիրին կերտումը վեր է, պէտք է վեր դասել ամէն տեսակի մասնակի հաշիւներէ։
ԼԵԶՈՒԻ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ
Վերի ներածականը ըրինք՝ պարզապէս ընդգծելու համար երիտասարդութեան կենսական ու անփոխարինելի դերը՝ մեր պատմութեան կերտումին եւ ազգային երազներուն, տեսլականներուն իրականացման մէջ։
Կարելի էր աւելի երկար խօսիլ ու մտնել պատմական տարբեր հանգրուաններու մանրամասնութիւններուն մէջ, սակայն նման փորձ՝ աւելի հաստատ փաստարկում պիտի չնշանակէր։ Յետոյ, մեր նպատակն է, վերոյիշեալ յենարանէն մեկնելով, կանգ առնել կարեւոր հարցի մը, կրնանք ըսել՝ տագնապալի երեւոյթի մը առջեւ, որուն յաճախ կը մօտենանք սրտցաւութեամբ, երբեմն խուսափողականութեամբ, որոշ պայմաններու հարկադրանքով՝ նաեւ ինքնախաբէութեամբ կամ «մատի ետին պահուըտելով»։
Այո, իբրեւ ազգ, իբրեւ վերանկախացած հայրենիք ունեցող ժողովուրդ՝ հայրենի ու տարասփիւռ մասնիկներով, ունինք բազում մտահոգութիւններ, տագնապներ, սակայն կայ կարեւոր կալուած մը, որուն մասին երբեմն կը լսուին մղձաւանջային արտայայտութիւններ ու արձագանգներ, «արդար» կամ «կը չափազանցենք» որակումներով։
Տագնապը, որուն վրայ կ՚ուզենք լուսարձակ կեդրոնացնել այս սիւնակներով (կրկնենք, առանց անտեսելու կամ նսեմացնելու այլ մտահոգութիւններ), ՄԵՐ ԼԵԶՈՒԻՆ՝ ՀԱՅԵՐԷՆԻՆ ԱՊՐԱԾ-ՊԱՐՏԱԴՐՈՒԱԾ ՆԱՀԱՆՋՆ Է, Հայաստանէն մինչեւ հայրենամերձ կամ հեռաւոր ափեր։ Այս տագնապը անգամ մը եւս լուսարձակի տակ կը բերենք, որովհետեւ կ՚ուզենք արձագանգել Խաչատուր Աբովեանէն մինչեւ մեր օրերը բարձրացող այն կոչերուն ու պատգամներուն, որոնք ըսած են ու կը վերահաստատեն, թէ ազգի մը, մեր պարագային՝ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ ՀԻՄՆԱՔԱՐՆ ՈՒ ԲԱՆԱԼԻՆ ՄԵՐ ԼԵԶՈՒՆ Է, բանալին՝ հաղորդուելու մեր բազմադարեան պատմութեան, մեր հարուստ մշակոյթին հետ, կամուրջը՝ իրերայաջորդ սերունդներու միջեւ, մեզ հայկական անցեալէն հայկական ապագայ տանող շոգեկառքը։
ՀԱՅԵՐԷՆԸ՝ ԳԱՆՁԵՐՈՒ ԲԱՆԱԼԻ
Վստահաբար Խաչատուր Աբովեանն ու յաջորդ դարերու մեծերն ալ ապրած են այն տագնապը, որ վերանորոգուած է հանգրուան առ հանգրուան, կը կրկնուի նաեւ այսօր, գտնելով տարբեր արտայայտութիւններ։ Այլապէս, Աբովեան պիտի չպատգամէր իր ժամանակակից երիտասարդներուն ու ուսանողներուն, ըսելով՝ բազմաթիւ լեզուներ սորվեցէք, սակայն մայրենին նախամեծար դասեցէք։
Հայութեան միջնաբերդին՝ Հայերէնին պահպանման ու զարգացման նախանձախնդիր սերունդները այս պատգամը ամրագրած են հանգրուան առ հանգրուան, որովհետեւ իրազեկ էին եւ կ՛ուզէին յետնորդներն ալ իրազեկ դարձնել, որ մեր լեզուն է հայկական գանձերու բանալին։
Փաստօրէն, առանց հայերէնի իմացութեան, այսինքն՝ առանց հայերէն խօսիլ-կարդալ-գրել գիտնալու, հայ նորահաս սերունդը կը զրկուի մեր պատմութենէն, դարաւոր իրագործումներու մանրամասնութիւններէն ու մանաւանդ մեր գրաւոր մշակոյթին հետ ուղղակի հաղորդակցութեան կարելիութենէն։
Այո՛, կարելի է հայոց պատմութեան ծանօթանալ՝ ընթերցելով օտար լեզուներով պատրաստուած պատմութեան գիրքեր, որոնց հեղինակներն ալ կրնան ըլլալ յարգելի ու հմուտ պատմագէտներ ու պատմաբաններ։ Կարելի է մինչեւ իսկ Հայաստանի աշխարհագրութեան ծանօթանալ օտարալեզու հատորներու ճամբով։ Այդ բոլորը, օտար լեզուներով, անպայման որ կը մնան ոչ-ամբողջական ու մասնակի, քիչ մը մակերեսային։ Անկեղծ ըսելով՝ կարելի՞ է (ու անմիջապէս կը պատասխանենք՝ աներեւակայելի է) մեր մշակոյթին՝ երգին, գրականութեան ու գեղարուեստական այլ գրաւոր արտայայտութիւններուն հարազատօրէն հաղորդ դառնալ թարգմանածոյ հրատարակութիւններու ճամբով։
Այս մատնանշումը կ՚ընենք, որովհետեւ օտար լեզուներու յարող մեր նորահաս սերունդներուն որդեգրած (մինչեւ անգամ թելադրուած) ուղեգիծին ի տես, տեղի կու տանք՝ մենք մեզ եւ նորերը համոզելով (համոզել փորձելով), թէ կարելի է լաւ հայ ըլլալ, հայութենէն չխզուիլ՝ առանց Հայերէնին լաւ իմացութեան։ Պարզապէս կը ձայնակցինք յաճախ մատնանշուած հետեւեալ ճշմարտութեան. եթէ զանց առնենք կարգ մը բացառութիւններ, մատի վրայ համրուող բացառութիւններ, կրնա՞նք մեր ձեռքերը մեր խիղճերուն վրայ դնելով յայտարարել, թէ զանգուածը, պատանիներու եւ երիտասարդներու զանգուածը կրնայ լաւ հայ ըլլալ ու մեր մատնանշուած կամուրջին, դրօշակիրին դերը ստանձնել՝ առանց Հայերէնին իմացութեան, առանց հայ գրաւոր մշակոյթին ու պատմութեան հետ հաղորդակից ըլլալու։
Մեր ապագային երաշխաւորումը չիրակականար Ուիլիըմ Սարոյեանի, Մայքըլ Առլէններու կամ Փիթըր Պալագեաններու պէս բացառութիւններով. ահա թէ ո՛ւր են յարգելի բացառութիւնները, սակայն դիտենք մեր շուրջը եւ տեսնենք, թէ դէպի ո՛ւր կ՛ուղղուին մեր երիտասարդութեան աչքերն ու հետաքրքրութիւնները, հայկական դաստիարակութիւնը ի՛նչ հունի մէջ է այսօր։ Եւ այդ ընենք՝ առանց ինքնախաբէութեան։
Վեր առնենք ուրիշ հայեցակէտ մը, որ շատ ջուր չի վերցներ յամենայնդէպս։
Յաճախ ականջալուր կ՛ըլլանք հետեւեալ արտայայտութեան. նոր սերունդները անտարբեր են հայերէնին ու անով հաղորդուող արժէքներուն նկատմամբ. օտար լեզուները աւելի մատչելի են անոնց. եթէ կ՛ուզենք զանոնք հաղորդակից դարձնել մեր յիշեալ գանձերուն, պէտք է այդ բոլորը (կամ ստուար նմոյշներ) մատչելի դարձնենք իրենց իմացած լեզուներով՝ հիմնականին մէջ՝ Անգլերէնով, Ֆրանսերէնով, Ռուսերէնով. կր-նանք շարքը շարունակել՝ հասնելու նաեւ յունարէնին, պուլկարերէնին, գերմաներէնին, իտալերէնին, սպաներէնին, պալթեան երկիրներու լեզուներուն… մէկ խօսքով՝ բոլոր այն երկիրներուն, ուր մեծ ու փոքր գաղութներ ունինք (հաւանաբար ռումաներէնի, հնդկերէնի կամ լեհերէնի թարգմանելու գործով պէտք չունինք մտահոգուելու, որովհետեւ Ռումանիոյ, Հնդկաստանի ու Լեհաստանի մեր երբեմնի պերճ ու մշակութապէս հարուստ գաղութները այսօր գրեթէ անէացած են Արտերկրի աշխարհագրութենէն)։
Իսկ ո՞րն է աւելի դիւրինն ու կարճ ճամբան. մեր դարաւոր գանձարանին տասնեակ մը օտար լեզուներու թարգմանութի՞ւնը, թէ պատանիին ու երիտասարդին հայերէն սորվիլը… (կը խուսափինք այն ճշմարտութենէն, որ սեփական լեզուն սորվիլը, ինչպէս որեւէ լեզուի իմացութիւնը՝ կարելի է իրականացնել կարճ ժամանակի մէջ, ինչպէս կ՚ընեն հայերէն սորվիլ ուզող օտարականներ, Հայաստանի մէջ թէ այլուր, ինչպէս կ՛ընենք նաեւ մենք՝ որեւէ լեզուի ծանօթանալ ուզող հայերս)։
Իսկապէս. կարելի՞ է օտար լեզուներով կարդալ «Զարթօնք»ը, Վարուժան, Սիամանթօ, Տէրեան, Մեծարենց, Չարենց կամ Սահեան։ Կարելի՞ է հարազատօրէն ու նոյն երաժշտականութեամբ Ո՛ՐԵՒԷ ՕՏԱՐ ԼԵԶՈՒԻ թարգմանել «Գիշերն անուշ է, գիշերն հեշտագին»ի պէս բանաստեղծութիւններ։ Ամէնէն հանճարեղ թարգմանիչն անգամ անկարող պիտի մնայ նման փորձ մը յաջողութեամբ պսակելու, ո՛չ թէ անոր համար, որ թարգմանողները համբակ են, այլ որովհետեւ նման տողեր, հրաշալիքներ՝ ԱՆԹԱՐԳՄԱՆԵԼԻ ԵՆ, կարելի չէ, օրինակի համար, Մեծարենցի քնարով՝ «Շա» բաղաձայնին կրկնութեամբ ստեղծուած երաժշտականութիւնը, շչական մեղեդին թարգմանել որեւէ լեզուի։ Հետեւաբար, Մեծարենց մը կամ անոր նման անթարգմանելիներ պէտք է կարդալ միայն ու միայն հայերէնով (օտար լեզուով ստեղծագործողներուն պարագան ալ նոյնն է)։ Իսկ հայերէնի իմացութենէն հեռու մնալ՝ պիտի նշանակէ անմասն մնալ նման գանձերէ, կը նշանակէ զրկուիլ նման գեղեցկութենէ, երիտասարդ հայը մղել ինքնազրկումի եւ… օտարի գանձերուն յարելու ուղիին, զայն մտածել տալու, թէ մենք աղքատ ենք, զուրկ՝ մշակութային գանձարանէ։
Բայց ինչո՞ւ զրկուիլ, ինքզինք զրկել…։ Ի վերջոյ, երբ այնքան փութկոտութեամբ կը փորձենք յաճախ ֆրանսերէն, անգլերէն կամ ռուսերէն սորվիլ, իրենց բնագիրներուն մէջ ըմբոշխնելու համար անոնց գիրի հսկաներուն ժառանգութիւնները, ինչո՞ւ պէտք է ինքզինք հեռու պահել սեփական գանձերը ըմբոշխնելու հաճոյքէն, իրաւունքէ՛ն…
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ Ի՛ՆՔ ՊԻՏԻ ՎԵՐՑՆԷ ՂԵԿԸ
Ո՞ւր է այս տագնապին բանալին, ուրկէ՞ պիտի գայ լուծումը։
Աւելորդ պիտի չըլլայ յիշեցնել, թէ վերջին տարիներուն, տասնամեակին, այս մտատանջութիւնը շարժառիթ եղաւ բազմաթիւ երախտաշատ նախաձեռնութիւններու, Հայաստանէն մինչեւ Միջին Արեւելք եւ այլուր։
Հայ Դպրոցը, գիտենք, անսակարկ թափով կը մնայ լծուած իր առաքելութեան, թէեւ զինք նահանջի մատնող իրական ու նուազ իրական հոսանքներ իրարու հետ մրցումի մէջ են (նորագոյնը կը կոչուի աշխարհը կլանող տնտեսական տագնապ, թէեւ հոս ալ կարելի է յիշել կաքաւին տոտիկներուն ձմեռ-ամառ կարմիր ըլլալուն պատմութիւնը)։
Մեծի Տանն Կիլիկոյ կաթողիկոսութիւնը, Համազգայինը, մշակութային այլ միաւորներ, նաեւ Հայաստանի իշխանութիւնները՝ սփիւռքի նախարարութեան միջոցով, դիմեցին շարք մը երախտաշատ նախաձեռնութիւններու. կազմակերպուեցան համագումարներ, եղան սրտցաւ արտայայտութիւններ, միշտ ալ օգտակար ու խոստմնալից, սակայն անոնցմէ մաս մըն ալ մնաց՝ «տեսէք, մենք ալ բան մը կ՛ընենք»ի սահմաններուն մէջ։
Մեծ կամ սահմանափակ, իրական թէ ձեւական՝ բոլոր նախաձեռնութիւններն ալ ողջունելի են ու անպայման որ կաթիլ մը կամ աւելի ջուր կը բերեն ընդհանուր տագնապը դարմանելու միտող ջաղացքին։ Այս հաստատումը ընելէ ետք, սակայն, պէտք է սրտցաւօրէն արձանագրել, որ այդ ճիգերը շօշափելի արդիւնք չեն տուած, գոնէ չեն տուած այ՛ն արդիւնքները, զորս կ՛ուզէին տեսնել նախաձեռնողները (անոնց բարի նպատակներուն մասին, կրկնենք, մազ մը կասկած իսկ չունինք, սակայն չենք ուզեր մեր մատին ետին պահուըտիլ)։
Ազդու լուծումը, կը կարծենք, ՊԻՏԻ ԳԱՅ ՆՈՅՆԻՆՔՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵՆԷՆ՝ չափահաս պատանիէն ու երիտասարդէն, պայմանաւ որ անոր ներարկենք ազգի փրկութեան ԻՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ, ԴԵՐԻՆ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԸԼԼԱԼՈՒՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ։
Այլ խօսքով, հայերէնի իմացութեան նախաձեռնութեան, ու այդ բանալիին բացած դաշտերուն ղեկը պէտք է վստահիլ նոյնինքն նոր սերուդնին, նոր սերունդներուն։ Նորերը համոզել, ինքնահամոզումի առաջնորդել, որ հայերէն խօսիլ-կարդալ-գրելը մեր ժողովուրդին սիրտը, թոքն ու ուղեղն են, գոյատեւման ու զարգացման անփոխարինելի հիմունքը։
ԵՐԷՑ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ ԼԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
Բայց ինչպէ՞ս կարելի է յաջողցնել նման փոխանցում։
Ահա ճիշդ հոս է որ կը կայանայ ծնողներուն, դաստիարակներուն, կազմակերպութանց ու միութիւններու, ազգային հաստատութեանց, մէկ խօսքով՝ երէց կոչուող սերունդին կենսական դերը։
Այս սերունդին կը մնայ ո՛չ միայն շրթունքին ծայրով փորձ կատարել, որ պատանին ու երիտասարդը յարին հայերէնագիտութեան՝ հայերէն կարդալու-խօսելու-գրելու, այլ զայն դարձնեն հասակ առնողին էութեան մէկ մասնիկը, գիտակցութիւն ներմուծեն անոնց, որ սեփական լեզուն սնունդի կամ որեւէ հաճելի ժամանցի չափ կարեւոր է իրեն համար։
Հայութեան ու հայկականութեան արժէքներու գիտակցութիւնը պէտք է հաղորդել նոր սերուդնին, որ այդ շաղախը ընդունելէ, անով վարակուելէ ետք, պիտի դառնայ ի՛ր հայկականութեան ղեկը վարողը, զայն զարգացնողն ու ազգային ու սեփական կեանքի բոլոր կալուածներուն մէջ օգտագործողը։
Երիտասարդութեան կողմէ նման ճշմարտութեան իւրացման բացակայութեան՝ թերի պիտի մնան հայ կեանքի տարբեր կալուածներուն զարգացումը, ներառեալ մեր Դատին հետապնդումը. չմոռնանք, որ մեր Դատը բազմերես է ու մշակոյթի-հայկականութեան պահպանումը անոր հիմնական մասնիկներէն է, եթէ ոչ՝ գլխաւորը (փաստօրէն, ի՞նչ կարեւորութիւն կը մնայ Հայ Դատէն, ո՞րքան ատեն, եւ որո՞ւ համար, եթէ մեր ազգին մաշումը շարունակուի ներկայ ընթացքով, մինչդեռ հիմա՝ արդի արհեստագիտութիւնը աննախընթաց ու բացառիկ դիւրութիւններ կ՛ընծայէ նաեւ հայապահպանումի համար…)։
Այս գիտակցութեան տարածումը՝ հորիզոնական եւ ուղղահայեաց հարթակներու վրայ, հիմնական երաշխիք է հայ կեանքին մէջ երիտասարդութեան ներգրաւման։ Երիատասարդութիւնը պէտք չունի այս ճշմարտութեան մասին քարոզներ ու դաստիարակչական ծրագիրներ ընդունելու ի վերուստ. կարճատեւ փորձն ու սեփական փորձառութիւնը հազար դասախօսութենէ ու բիւրաւոր խրատէ աւելի ազդու են։ Սա մաս կը կազմէ մանկավարժութեան ու գիտութիւններու փոխանցման-վարժեցման ամէնէն ազդու միջոցներուն։ (Այս տողերը արձանագրելու օրերուն զուգադիպեցաւ 2010ի թելեթոնը. ու մենք ականատես ու ականջալուր եղանք նաեւ յուսատու արտայայտութիւններու. կարգ մը դպրոցներ ներկայացնող աշակերտներ՝ պատանի ու երիտասարդութեան սեմին կանգնած, արտայայտուեցան աղուոր հայերէնով, ապացոյց տալով, որ անհրաժեշտ միջավայրի ստեղծումով, մեր մատնանշած մտահոգութիւնները կը գտնեն փարատումի ճամբան)։
Երէց սերունդը այս դիտանկիւնէն կը կանգնի իրեն ուղղուած ազնիւ մարտահրաւէրին դիմաց, իսկ երիտասարդութիւնը՝ սեփականին տիրութիւն ընելու, զայն իւրացնելո՛ւ պարտաւորութեան առջեւ։
Հետեւաբար՝
Մեր երիտասարդութիւնը, ներառեալ երէց պատանիները, այսօր հրաւիրուած են նախ եւ առաջ իրենք զիրենք դնելու նման վսեմ մարտահրաւէրի առջեւ, միաժամանակ մարտահրաւէր ուղղելու երէց սերունդին՝ ծնողներու (անտարբերները կրաւորականութենէ ու պարտուողականութենէ դուրս բերելու գնով), ուսուցիչներու, ընտանեկան հարազատներու, կրթական, ազգային, միութենական պատասխանատուներու, եւ բոլոր անոնց, որոնք կրնան առաւել կամ նուազ չափով դերակատար ըլլալ հայութեան գանձերուն նոր սերունդին փոխանցման մէջ։
Ազգային պահանջատիրութիւնը երիտասարդութեան համար պէտք է ունենայ նաեւ այ՛ս տարածքը, որովհետեւ, ինչպէս նշեցինք, հայերէնի իմացութիւնը անփոխարինելի բանալի է ու կը կանխարգիլէ ինքնազրկում՝ սեփական գանձերէ։
Պէտք չէ մոռնալ, որ այդ գանձերն ու ազգային արժէքները բացառապէս հայութեան կը պատկանին, օտարին համար անոնք կրնան միայն հետաքրքրական ըլլալ, բայց չեն կրնան ՍԵՓԱԿԱՆ ԳԱՆՁ կոչուիլ։
Եթէ իմացութիւնը սկիզբն է սեփականատիրութեան, յաջորդ քայլերը պիտի ըլլան այդ գանձերուն յաւելումը, բազմապատկումը։ Սա արդէն կը հանդիսանայ յաջորդ մարտահրաւէրը, որուն ընդառաջ պիտի գայ մեր երիտասարդ սերունդը։
ՆՈՐ ՇԱՐԺՈՒՄ ՄԸ
Երիտասարդութիւնը՝ հայ երիտասարդութիւնը կը կանգնի ՇԱՐԺՈՒՄ ՄԸ, ի՛ր շարժումը, ստեղծելու ճամբուն սկիզբը։
Առաջադրուած շարժումին մասնակից պիտի ըլլան բոլոր հատուածները, առանց համայնքային, գաղափարական կամ աշխարհագրական խտրութեան-տարբերութեան։
Բնական է, որ նման շարժում լոյսի արագութեամբ պիտի չկլանէ բոլորը, աշխարհագրական տարբեր տարածքներու մէջ, սակայն կարեւոր է, որ տեղ մը՝ Հայաստանի մէջ կամ Սփիւռքի, ըլլան զայն սկզբնաւորողներ. միաւոր մը, փոքր խմբակներ, որոնց արձագանգեն այլ միաւորներ ու խմբակներ։ Կրկնենք. նման շարժում չի կրնար նեղ իմաստով քաղաքականացուիլ, այլ ի՛նք պիտի ըլլայ ամենալայն իմաստով քաղաքական-քաղաքականացնող համընդհանուր շարժում մը, որ օղակ առ օղակ պիտի տարածուի հայկական մեր աշխարհին վրայ, պիտի ներգրաւէ ամբողջ հայ երիտասարդութիւնը, որ իրեն հետ պիտի քաշէ-տանի բոլոր սերունդները։
Նման այն շարժումներուն, որոնցմով կերտուած, պահպանուած եւ զարգացած են մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը։
Գիտենք, որ խաղալիք չէ նման գործ, սակայն երբ արդի աշխարհի արհեստագիտութեան բարիքները ունինք իբրեւ դիւրացնող գործօն…։ Կը մնայ, որ երիտասարդութիւնը համոզուի, հաւատա՛յ այս անվիճելի իրականութեան, վերցնէ գործի լծուելու նախաձեռնութիւնը (ոչ թէ մնայ կրաւորական կամ անհաղորդակից մնալու կացութեան մէջ)։
Նման շարժումի համար երիտասարդութիւնը կրնայ որոնել ու գտնել նաեւ ի՛ր միջոցները. օրինակի համար՝ որոշ միջավայրերու մէջ (կազմակերպութիւններ, երիտասարդական-ուսանողական միաւորներ, եւայլն) հաւաքական քն-նարկումներ, շրջանէ շրջան կամ երկրէ երկիր փոխադարձ արձագանգումներ։ Անգլերէնով կ՚ըսեն՝ «երկինքն է սահմանը»։
ԿՐԿՆԵՆՔ. ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՔ ՊԻՏԻ ՀԱՄՈԶՈՒԻ ՈՒ ՀԱՒԱՏԱՅ ԻՐ ԱՅՍ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ, իսկ երէց սերունդը պիտի կանգնի նեցուկի, լուսաբանողի ու ճամբայ ցոյց տուողի դերին մէջ։
ՎԵՐՋԱԲԱՆԻ ՓՈԽԱՐԷՆ
Այս սիւնակները արձանագրելու սկսելէ առաջ իսկ, մտահան չէինք ըրած մանր մտահոգութիւններ. նախ այն՝ որ այս մօտեցումը հաւանաբար պիտի ընկալուի իբրեւ իտէալական ու դժուար իրականանալի, հազար ու մէկ պատճառաբանութիւններով, ինքնարդարացումի փորձերով, ապա նաեւ այն, թէ ո՞վ եւ ինչպէ՞ս այս մարտահրաւէրին հաղորդ պիտի դարձնէ երիտասարդութիւնը, նկատի ունենալով, որ մեր պատանիներն ու երիտասարդները մեծաւ մասամբ սովոր չեն ընթերցում կատարելու, առհասարակ, եւ ո՛չ միայն նման նիւթեր։
Այս ալ, ինքնին, ուրիշ մարտահրաւէր մը՝ երէց սերունդին, ամէնուրեք։ Այս սերունդին կը մնայ հաւատալ ի՛ր դերին, յիշել, թէ մեր բոլոր զարթօնքներն ու ազգային մեծ ու փոքր նուաճումները անպայման որ ներգրաւած են երիտասարդներու խանդն ու ներդրումը։ Նաեւ այն, որ իւրաքանչիւր երէց անցած է երիտասարդութեան փուլէն, իր մէջ ցմահ կը պահէ երիտասարդական հրայրք մը՝ ի տես նման տագնապներու, եւ այդ հրայրքն է որ կը նպաստէ սերունդներու միջեւ արդիւնաւոր գործակցութեան պահպանումին, մէկզմէկ արժեւորելու եւ միասնաբար պատմութիւն ու մշակոյթ կերտելու գործին։
28 Նոյեմբեր 2010
Dear Asbarez.
This article is excellent. However, you have misspelled two words. The word AMENEN is written with (yech)first E and (E) in the second E: AM(yech)N(E)N.
The second word you have misspelled is AMENUREK. It is written with (yech): AM(yech)NUREK.
You are the official publication of the Armenian Revolutionary Federation Western United States Central Committee, so you shouldn’t make mistakes when writing in Armenian.