«ՄԱՐՄԱՐԱ».- Յայտնի քրոնիկագիր Ամպէրին Զաման, որ միշտ իրատես մերձեցում ունի հայկական հարցի նկատմամբ, «Հապէր-Թիւրք» թերթի իր սիւնակին մէջ անդրադարձած է Ներկայացուցիչներու Տան մօտ սպասող հայկական բանաձեւի քուէարկութեան խնդիրին։ Ամպէրին Զաման դիտել տաուած է, որ Ներկայացուցիչներու Տունը վերջին օրերուն այնքան բազմազբաղ էր, որ յայտնի էր արդէն թէ պիտի չկարենար օրակարգի բերել հայկական բանաձեւը։ Կասկած չկայ որ այս խնդիրին մէջ Օպամայի կառավարութիւնը կարեւոր դեր կատարած է եւ չէ արտօնած, որ երկու երկիրներու միջեւ արդէն դիւրաբեկ դարձած յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի խանգարուին։ Թուրք դիւանագէտներն ալ անհրաժեշտ բոլոր դիմումները կատարած են կանխելու համար բանաձեւի քուէարկութիւնը եւ այս անգամ ալ կրցանք փրկուիլ ցեղասպանութիւնը ճանչնալու տագնապէն։
Ամպէրին Զաման այս խորհրդածութիւններէն ետք կը շարունակէ սապէս.
Բայց ամէն մարդ գիտէ որ ասիկա ո՛չ առաջինն է, ոչ ալ վերջինը։ Ամերիկայի հայկական խմբակները երբեք պիտի չհրաժարին այս արշաւէն, ընդհակառակը, քանի պիտի մօտենայ 1915ի ողբերգութեան հարիւրամեակը, անոնք այնքան աւելի թափ պիտի տան ցեղասպանութիւնը ճանչնալ տալու իրենց աշխատանքին։ Լաւ, բայց Թուրքիա ի՞նչ պէտք է ընէ եւ կրնայ ընել այս նիւթի շուրջ։ Եթէ մէկդի դնենք այն վնասը, որ պիտի գոյանայ Թուրքիա-Ամերիկա յարաբերութիւններու մէջ, մեր ձեռքը կրնանք դնել մեր խղճին վրայ եւ հարցնել. ի՞նչ եղաւ այն միլիոնաւոր հայերուն որոնք 1915ին միասնաբար կ՛ապրէին այս հողերուն վրայ։ Այս նիւթը որ նախապէս թապու էր եւ որ գնաց մինչեւ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, վերջին տարիներու ընթացքին դարձաւ հրապարակային բանավէճի նիւթ։ Քիչ շատ ամէն մարդ գիտէ թէ ի՞նչեր եկան Օսմանցի հայերուն գլխուն որոնց թիւը 1915ի տեղահանութենէն առաջ ամէնէն համեստ հաշուարկումով իսկ կը հասնէր 1.3 միլիոնի։ Ռուսերու միանալով Օսմանցիներու դէմ ճակատ յարդարող հայ կոմիտաճիներու դաւաճանութեան հաշուեցուցակը դրուեցաւ ամբողջ հայ ժողովորդին ուսերուն վրայ։ Անոնք, առանց մանուկի, կնոջ կամ ծերունիի միջեւ խտիր դնելու, սպաննուեցան եւ կամ բռնի տեղահանութեան ենթարկուեցան։ Տեղահանուածները ճամբաներուն վրայ իրենց կեանքը կորսնցուցին սովահար մնալով, հիւանդանալով կամ յելուզակներու յարձակումներուն ենթարկուելով։ Հազարաւորներ իրենց հոգին աւանդեցին Տէր Զօրի անապատներուն մէջ։ Կարգ մը մահմետական թուրքեր եւ քիւրտեր ալ, որոնք խղճի տէր էին, պահեցին ու փրկեցին կարգ մը հայերը։ Հիմա, արտասահման խոյս տալ յաջողած հայերու թոռները արդարօրէն կը պահանջեն որ վերջ տրուի այս ճշմարտութիւններու ուրացումին եւ գոնէ ներողութիւն մը խնդրուի։ Հայերը տակաւին նոր նոր Թուրքիոյ երկու դրամատուներու դէմ դատ բացին Ինճիրլիքի հողամասերու սեփականատիրութեան իրաւունքի հիման վրայ։ Հայաստանի հետ ստորագրուած փրոթոգոլները սառեցան Ատրպէյճանի շանթաժներուն հետեւանքով։ Մինչդեռ եթէ այս փրոթոքոլները Խորհրդարաններու կողմէ վաւերացուէին, թերեւս գործընթացը կը շարունակուէր։ Գոնէ ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումը որոշ ժամանակով կը դժուարանար։ Այդքան։ Ըստ իս, ինչ որ պէտք է հարցուի, հետեւեալն է.
«Բարոյագիտական տեսակէտէ ճիշդ է արդեօ՞ք այսքան կնճռոտ մակարդակի մը վրայ դնել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները։ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները պէտք չէ՞ որ կրկին ձեռք առնուին իրենց բովանդակած բոլոր կարելիութիւններով։ Այս փրոթոքոլները իրենց նպաստը պիտի չունենա՞յին Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ Ղարաբաղեան հարցի լուծման ի նպաստ։
Ո՛չ քարտէսի վրայ Թուրքիոյ տեղն իսկ չգիտցող երեսփոխաններու կողմէ, ոչ ալ թուրք կամ հայ ղեկավարներու կողմէ մօտիկ անցեալի մեծագոյն արատը հանդիսացող հայկական ողբերգութիւնը պէտք չէ որպէս խաղալիք գործածուի քաղաքականութեան մէջ։ Այս տեսակէտէ թրքական հասարակական կարգ մը կազմակերպութիւններու աշխատանքը գնահատելի է։ Օսման Գավալայի Անատօլու Քիւլթիւր հիմնարկը, ԹԷՍԵՒը, Հրանդ Տինքի անուան Վաքըֆը եւ դեռ հասարակական կազմակերպութիւններ կը ջանան քանդել թուրք եւ հայ հաւաքականութիւններու միջեւ առկայ նախապաշարումները եւ հիմնել բարեկամութեան կամուրջներ։ Թուրք պատմաբաններ ինչպէս՝ Հալիլ Պէրքթայ, Ֆիքրէթ Ատանըր, Թանէր Ագչամ եւ Այշէ Հիւր, որոնց թիւը տակաւին ափ մըն է, որոնք սակայն հետզհետէ պիտի բազմանան, իրենց կեանքն իսկ վտանգի ենթարկելով մեր աչքերը կը բանան 1915ի իրականութիւններուն մասին եւ երեւան կը հանեն տասնեակներով տարիներէ ի վեր մեզի պարտադրուած սուտերը։ Անշուշտ պիտի գայ օր մը, որ Խորհրդարանի երդիքին տակ ալ այս նիւթը խօսակցութեան նիւթ պիտի դառնայ։ Մարդոց խիղճերը անպայման կը խօսին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.