ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Ըստ «Մարմարա»ի, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Կիրակի, Դեկտեմբեր 26ին, մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ ելոյթ մը ունեցած է խորհրդարանին մէջ. ընթացքին ան անդրադարձած է քրտական հարցին ու երկրին մէջ երկլեզու դրութիւն հաստատելու պահանջքին: Ան ըսած է, որ ինք կը պաշտպանէ քրտական հարցը, բայց «քրտապաշտութեան» դէմ է, ինչպէս որ դէմ է նաեւ «թրքապաշտութեան», որովհետեւ՝ «մեր քաղաքակրթութեան մէջ ցեղապաշտութիւնը տեղ չունի»։
Սակայն, «լայնախոհ» վարչապետը անմիջապէս արգելակը բանեցուցած է՝ կտրուկ կերպով դէմ արտայայտուելով երկու լեզուներու գործածութեան այն առաջարկին, որ վերջերս ներկայացուած էր քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կողմէ:
Քիւրտ քաղաքական գործիչներուն ներկայացուցած առաջարկը անընդունելի համարելով՝ Էրտողան ըսած է. «Մեր ժողովուրդին պաշտօնական լեզուն մէկ հատ է եւ այդ ալ թրքերէնն է։ Թրքերէնը հասարակաց լեզու է ու այս իրողութիւնը փոխելու որեւէ ճիգ ընդունելի չէ։ Այսպիսի նիւթ մը բանավէճի դարձնելն իսկ կը վնասէ ժողովրդավարութեան ու եղբայրակցութեան զգացումին»։ Ան նաեւ «տգեղ» որակած է նոյն կուսակցութեան կողմէ առաջարկուած քրտաբնակ շրջաններուն մէջ ինքնավարութիւն հաստատելու կոչը:
Ըստ երեւոյթին, Էրտողան վստահութիւն չունի, որ Թուրքիոյ «ժողովրդավարութիւն»ը կրնայ դիմանալ թրքերէնին կողքին այլ լեզուի մը գործածութեան կամ ինքնավար շրջանի մը հաստատումին, որոնք սովորական երեւոյթներ են շարք մը ժողովրդավար երկիրներու մէջ, ցոյց տալով, որ ժողովրդավարութեան հիմքերը որքա՛ն խախուլ են:
Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը, արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, նոյն օրը, ժողովրդավարութեան դասեր կը փորձէր տալ Հայաստանի՝ պնդելով, որ «լիարժէք ժողովրդավարութիւն» չէ հաստատուած հոն։