Շաբաթ, Դեկտեմբեր 18ին, Լա Քրեսենթա հովիտի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանի ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ վարժարանի աւանադութիւն դարձած Ամանորեայ հանդէսը: Սրահը խճողած էին ծնողներ, մեծ հայրեր եւ մեծ մայրեր, հարազատներ եւ հիւրեր, որոնք իրենց ներկայութեամբ կը յայտնէին իրենց զօրակցութիւնը եւ նեցուկ կը կանգնէին ՀՕՄի ազգային ծառայութեան շինիչ, հայակերտման եւ հայապահպանման գործունէութեան:
Նախքան պաշտօնական յայտագիրը, բոլոր աշակերտները Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեանի ձեռամբ ստացան Ս. հաղորդութիւն: Նախքան արարողութիւնը, տէր հայրը շնորհաւորեց սրահի ներկաներուն Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը, եւ կատարեց բարի մաղթանքներ: Տէրունական աղօթքի հաւաքական երգեցողութենէն ետք, հոգեւոր հովիւը կատարեց հրապարակային խոստովանանքի բաժինը, եւ ապա աշակերտները դասարանային կարգով ստացան հաղորդութիւն:
Իր կարգին, վարժարանի տարիներու տնօրէն Գէորգ Պետիկեան շնորհաւորեց ներկաներուն Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը: Ան մեծապէս գնահատեց իրենց զաւակները ՀՕՄի այս վարժարանը ուղարկող ծնողներու վստահութիւնը ու գիտակցութիւնը: Անդրադառնալով վարժարանի ընդհանուր վիճակին՝ տնօրէնը շեշտեց դպրոց-ծնողք սերտ գործակցութեան կարեւորութիւն, որմէ մեծագոյն օգտուողը պիտի ըլլայ աշակերտը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ՀՕՄի տեղւոյն վարչութեան եւ բոլոր ՀՕՄուհիներուն, որոնք գերագոյն ճիգերով եւ խոր գիտակցութեամբ երկար տարիներէ ի վեր կը հովանաւորեն «Թալին» Շաբաթօրեայ վարժարանը՝ հաւատալով, որ հայապահպանման պայքարը դպրոցով կը սկսի:
Տնօրէն Պետիկեան բարի յիշեց նաեւ Շաբաթօրեայի յանձնախումբի ժրաջանի պատասխանատուներ Մարինա Տէր Սարգիսեանի ու Աննա Պօղոսեանի հոգածութիւնն ու զոհաբերութիւնը, եւ վարժարանի բոլոր կարիքներուն հասնելու անոնց անսակարկ նուիրումը: Ան նաեւ մէկ առ մէկ շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցի ուսուցչուհիներուն՝ Մարօ Գույումճեանին, Լիզա Պետիկեանին, Մայտա Գոճանեանին եւ յատկապէս կամաւոր օգանական Ծաղիկ Աչիքեանին: Ան մեծապէս գնահատեց երգի ուսուցչուհի Նոյեմի Լոքմանեանի ու վարժարանի երկու երիտասարդ կամաւորներ Բալիկ Գոճանեանի եւ Նայիրի Սըվաճեանի անձնուէր աշխատանքները:
Իր կարգին, սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ «Թալին» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Ալին Հապէշեանը, որ նոյնպէս իր խօսքին սկիզբը նախ թուեց ՀՕՄի աշխատանքնեը եւ մատնանշեց Շաբաթօրեայ վարժարանը պահելու ՀՕՄի սրբազան պարտականութիւնը: Ան եւս գնահատեց բոլոր ծնողները, ինչպէս նաեւ գովեց ի խնդիր մեր նոր սերունդին հայեցի կրթութիւն ջամբող դպրոցի ուսուցչական կազմին, յատկապէս տնօրէն Պետիկեանի տարած անսակարկ աշխատանքը: Այնուհետեւ աշակերտները կատարեցին խմբային թէ առանձին արտասանութիւններ եւ երգեր:
Վարժարանի չորս-հինգ տարեկանէն մինչեւ 13 տարեկան շուրջ քառասուն աշակերտ-աշակերտուհիներ, հայրենի եւ ՀՕՄի Շաբաթօրեայի քայլերգներու խմբերգներէն ետք, դասարանային կարգով գործադրեցին գեղարուսետական կոկիկ յայտագիր մը: Անոնք իրերայաջորդ կերպով, տօնական աւանդական խմբերգներու կողքին, զանազան արտասանութիւններով եւ այլ խմբերգներով ելոյթ ունեցան՝ մեծապէս ոգեւորելով սրահը:
Յայտագիրի կիսուն սրահ մտաւ կաղանդ պապան՝ իր նուէրներով: Սրահի խանդավառ մթնոլորտը արդէն հասած էր իր գագաթնակէտին:
Յայտագիրի աւարտին, կաղանդ պապուկը, ոչ միայն վարժարանի աշակերտութեան, այլեւ սրահին մէջ ներկայ գտնուող բոլոր փոքրերուն մէկական նուէր բաշխեց:
Յանուն «Թալին» մասնաճիւղի վարչութեան, ատենապետուհի Հապէշեան, իր կարգին, գնահատանքի յատուկ խօսքեր ուղղեց նաեւ վարժարանի յանձնախումբի պատասխանատուներուն, որոնք իրենց կամաւոր գործը կը տանին մեծ համբերութամբ եւ զոհողութիւններով։ Ատենապետուհին նաեւ յատուկ նուէրներով գնահատեց վարժարանի տնօրէնն ու ուսուցչական կազմի անդամները, ու մեծապէս գնահատելով անոնց աշխատանքը՝ բարի յիշեց օրուան հիւրասիրութեան բաժինը կամաւոր կերպով պատրաստող երկու ծնողներ՝ Արաքսի Գէորգեանն ու Սալբի Պետոյեանը, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայած էին իրենց վստահուած աշխատանքին յաջողութեան համար:
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)