
ՊՈԼԻՍ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23ին, Պոլսոյ մէջ հանդիպումներ ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի եւ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ։ Ալիեւ Թուրքիա կը գտնուէր մասնակցելու համար Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ պետութեանց ղեկավարներու վեհաժողովին։
Ըստ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, Ալիեւ-Կիւլ հանդիպումը դռնփակ եղած է։ 45 վայրկեան տեւած հանդիպումին ներկայ գտնուած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն։
Նշենք, որ Էրտողան նաեւ հանդիպում մը ունեցած է վեհաժողովին մասնակցելու նպատակով Թուրքիա գտնուող Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ։ Երկու ղեկավարները քննած են երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ շրջանային ու միջազգային հարցեր։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները Պոլսոյ մէջ ունեցած են ժողով մը, որմէ ետք հրապարակուած միացեալ հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ անոնք քննած են երեք երկիրներուն միջեւ պատմական, մշակութային, տնտեսական եւ բարեկամական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային ու միջազգային բեմի վրայ խաղաղութիւն հաստատելու հարցը, շրջանին մէջ զէնքի, թմրեցուցիչի ու մարդոց մաքսանենգութեան դէմ պայքարը եւ երկարատեւ տագնապները հողային ամբողջականութեան ծիրէն ներս լուծելու հարցը։ Երեք նախարարները որոշած են շրջանին մէջ հարցերը, ինչպէս՝ առեւտուրի, ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան եւ կենսոլորտի հարցերը, քննարկելու համար եռակողմ կանոնաւոր ժողովներ գումարել։ Եռակողմ յաջորդ ժողովը պիտի գումարուի յառաջիկայ շաբաթներուն, Իրանի մէջ։