ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ըստ Ատրպէյճանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան նախարար Եաւիր Ճամալովի, 2010ին Ատրպէյճանի մէջ, նախորդ տարուան համեմատ, 3.6 անգամով աճած է ռազմական սարքերու արտադրութեանց ծաւալը: 2006ի համեմատ, սոյն ցուցանիշը աճած է 115 անգամով՝ նուազեցնելով երկիրին կախուածութիւնը ռազմամթերքներու ներածումէն:
Ճամալովի խօսքով, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հիմնական խնդիրը՝ «խորհրդային շրջանի ձեռնարկութիւններու վերականգնումն ու վերակազմաւորումն է, եւ պաշտպանական նշանակութեան արտադրութեան կազմակերպումը՝ անոնց հիմքին վրայ»:
Մինչեւ 2011ի Մարտ, ըստ նախարարին, Ատրպէյճանի մէջ կը նախատեսուի գործարկել արդիւնաբերական ութ նոր հատուածներ, որոնց մէջ պիտի արտադրուին զինամթերք եւ նոր զինատեսակներ:
Նշենք, որ 2010 Հոկտեմբերին, Ատրպէյճանի խորհրդարանը հաստատած էր 2011ի պետական պիւտճէին նախագիծը, ըստ որուն, կը նախատեսուի աւելցնել ռազմական ծախսերը 1.6 անգամով: Արդարեւ, պաշտպանութեան նախարարութիւնը 2011ին պիտի ստանայ 2.5 միլիառ մանաթ (3.1 միլիառ տոլար):
Ելեւմուտքի նախարար Սամիր Շարիֆով յայտարարած էր, թէ ռազմական ծախսերուն աւելացումը պայմանաւորուած է Լեռնային Ղարաբաղի լարուածութեան աճով եւ Հայաստանի հետ երկարատեւ հակամարտութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.