ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 120ամեակին առիթով, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) հայկական ամպիոնը եւ «Armenian Review» թերթը կազմակերպած էին գիտաժողով մը՝ կուսակցութեան պատմութեան, ներկայ գործունէութեան եւ ապագայ հեռանկարները քննարկելու համար:
Գիտաժողովը, որուն խորագիրն էր «ՀՅԴն 120 տարեկան. պատմութեան կերտում», տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 4ին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի գիտաժողովներու «Davidson Conference Center»էն ներս, առաւօտեան ժամը 9էն սկսեալ, մասնակցութեամբ աւելի քան 400 հոգիի:
Գիտաժողովին բացումը կատարեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, որ հակիրճ կերպով խօսեցաւ կուսակցութեան պատմութեան եւ իրագործումներուն մասին, ու շեշտեց այն իրողութիւնը, որ ազգային ազատագրական շարժումը առաջնորդելու կողքին, ՀՅԴն մասնակցած է ո՛չ հայկական յեղափոխական շարժումներու ու Սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ ինքնապաշտպանութեան, ղեկավարած է հանրապտութիւն մը, ընդդիմացած է ուրիշի մը եւ նպաստած է հայկական Սփիւռքին ամրապնդման: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց գիտաժողովը կազմակերպած մարմինի անդամներուն՝ Ասպետ Գոչիկեանի («Armenian Review»ի խմբագիր) եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի հայկական ամպիոնի վարիչին ու գործավարին, յաջորդաբար՝ փրոֆ. Հրայր Տէօքմէճեանի ու Վաչէ Մանկրեանի:
Գիտաժողովին կը մասնակցէին Հայաստանէն, Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն մասնագէտներ, որոնք ներկայացուցին ՀՅԴ գործունէութեան բազմաշերտ վերլուծականներ:
Գիտաժողովը բաժնուած էր երեք գլխաւոր բաժիններու: Առաջին բաժինը, որ համադրուեցաւ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի (UCLA) կողմէ, յատկացուած էր կուսակցութեան պատմութեան՝ թէ՛ բաղդատական ու թէ զուտ ներհայկական տեսանկիւններէն:
Կուսակցութեան հիմնադրութեան տարիներուն եւ հիմնադիրներուն մասին խօսեցաւ փրոֆ. Հուրի Պէրպէրեան (Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Լոնկ Պիչի մասնաճիւղ), շեշտելով յատկապէս այն իրողութիւնը, որ կուսակցութիւնը ազդուած էր այդ ժամանակաշրջանի երեք գլխաւոր կայսրութեանց (Ռուսական, Օսմանեան եւ Իրանեան) քաղաքական ու ընկերային շարժումներէն, ու ապա անոնց մէջ դերակատար դարձած էր: Հ. Պէրպէրեան խօսեցաւ նաեւ կուսակցութեան ազգային ազատագրական ու ընկերվարական գաղափարաբանութեան կազմաւորման մասին:
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան (Պուենոս Այրեսի «Սան Անտրես» համալսարան) եւս քննեց ազգային ազատագրական ու ընկերվարական գաղափարաբանութեան զարգացումը, եւ պնդեց, թէ կուսակցութեան «պաշտօնական գաղափարաբանութիւնը հիմնուած է ընկերվարութեան բարեկարգուած՝ ոչ-մարքսային տարբերակին վրայ, որ կը բնութագրուի իբրեւ ընկերվար ժողովրդավարութիւն», սակայն նկատի ունենալով հայ ժողովուրդին դիմագրաւած իրադարձութիւնը, այս գաղափարաբանութիւնը միահիւսուած է ազգային ազատագրական պայքարին հետ:
Էլքէ Հարթմեն (Պերլինի Ազատ համալսարան) խօսեցաւ ազգային ազատագրական պայքարին մասին՝ կեդրոնանալով յատկապէս ֆետայական շարժումին, Ռուբէն Տէր Մինասեանի հեղինակած հատորներու ուսումնասիրութեան վրայ: Ան քննեց ազատագրական պայքարին ռազմավարութեան տարբեր երեսները՝ սկսելով զինեալ պայքարէն ու հասնելով մինչեւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ սահմանադրական բարեկարգում իրականացուցած Երիտասարդ թուրքերու հետ գործակցութիւնը:
Հայութեան մէջ ՀՅԴի դերակատարութեան նուիրուած երկրորդ բաժինը համադրեց փրոֆ. Ստեփան Աստուրեանը (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղ):
Քննարկումներուն մաս կազմող Արսէն Ստեփանեան («Քաունթըրփարթ Արմինիա») խօսեցաւ Խորհրդային Հայաստանի տապալումէն ետք երիտասարդներու եւ քաղաքական աշխուժութեան մասին՝ կեդրոնանալով յատկապէս ՀՅԴի երիտասարդական թեւերու գործունէութեան վրայ: Ան բացատրեց, թէ Հայաստանի մէջ երիտասարդութեան գլխաւոր մտահոգութիւնը կը մնայ բնակարանի, կրթութեան ու աշխատանքի ապահովումը, սակայն նկատի ունենալով, որ երկրին քաղաքական ուժերը ընդհանրապէս այս նիւթերը չեն քններ, քաղաքական կեանքին մէջ երիտասարդութեան մասնակցութիւնը բաւարար չէ:
Մարիա Թիթիզեան (Ընկերվար միջազգայնականի փոխատենապետներէն) խօսեցաւ ՀՅԴի մէջ կանանց դերակատարութեան մասին՝ կեդրոնանալով 1880-1921, 1921-1991 ու 1991էն մինչեւ ապագայ ժամանակահատուածներուն վրայ, յատուկ ուշադրութեան արժանացնելով յատկապէս կուսակցութեան հիմնադրութեան մէջ, Առաջին Հանրապետութեան ընթացքին ու Արցախի ազատագրական պայքարին ընթացքին կանանց դերակատարութիւնը: Ան նշեց, թէ ընդհանրապէս կիները բացակայած են կուսակցութեան ղեկավար մարմիններէն, ինչ որ դժուարացուցած է կուսակցութիւնը ժողովրդավարականացնելու աշխատանքը: Ան նաեւ շեշտեց, թէ այս անհաւասարութիւնը վերացնելու գործին մէջ կուսակցութիւնը պէտք է առաջնորդողի դեր ստանձնէ հայկական իրականութեան մէջ:
Փրոֆ. Արա Խանճեան (Վենթուրայի համալսարան) ներկայացուց Հայաստանի մէջ կուսակցութեան տնտեսական քաղաքականութեան մանրամասնութիւնները եւ կուսակցութեան ընդդիմութիւնը իշխանութեանց նորազատական մօտեցումին, միաժամանակ անդրադառնալով Հայաստանի ժողովուրդին դիմագրաւած շարք մը ընկերա-տնտեսական դժուարութեանց՝ սկսելով չքաւորութենէն ու հասնելով մինչեւ եկամուտներու անհաւասար բաժանման հարցին:
Փրոֆ. Լեւոն Չորպաճեան (Մեսեչուսեցի համալսարանի Լոուըլ մասնաճիւղ) խօսեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ստորագրուած արձանագրութիւններուն դէմ ՀՅԴի տարած լրատուական արշաւին մասին՝ կեդրոնանալով յատկապէս Միացեալ Նահանգներէն ներս գործող լրատուական միջոցներուն վրայ:
Փրոֆ. Վիգէն Եագուպեան («Ուուտպըրի» համալսարան) խօսեցաւ հայկական Սփիւռքի ինքնութեան կազմութեան մէջ ՀՅԴի ունեցած դերակատարութեան մասին՝ միաժամանակ քննելով հայկական Սփիւռքին ապրած իւրայատուկ փորձառութիւնները, ազգային փոքրամասնութեանց զարգացման մասին կատարուող ուսումնասիրութիւններուն ընդմէջէն: Ան յատուկ ուշադրութիւն հրաւիրեց կուսակցութեան հաստատած համայնքային կառոյցներուն վրայ, որոնց արդիւնքը եղած է ընկերաքաղաքական նոր դասակարգի մը յայտնաբերումը:
Գիտաժողովին երրորդ բաժինը յատկացուած է վերջին քանի մը տասնամեակներուն Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ՀՅԴի գործունէութեան: Այս բաժինը համադրեց փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէլեան («Ուեսլիըն» համալսարան):
Քննարկումին մասնակիցներէն Արամ Համբարեան (Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար) խօսեցաւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքական կեանքին մէջ ՀՅԴի գործունէութեան մասին, որ անցած է չորս տարբեր հանգրուաններէ՝ «Խիղճի քաղաքականութիւն, «Բողոքի քաղաքականութիւն», «Ճնշումի քաղաքականութիւն» եւ «Քաղաքացիական համակերպումի քաղաքականութիւն»:
Արմէն Սարգսեան (Արցախի խորհրդարանի անդամ) խօսեցաւ Արցախի մէջ կուսակցութեան գործունէութեան ու դերակատարութեան մասին՝ սկսելով 1900ականներու սկիզբներէն մինչեւ 20 տարի առաջ տեղի ունեցած ազտագրական պայքարն ու հանրապետութեան հաստատումը: Ան աւելցուց, թէ կուսակցութիւնը ներկայիս Արցախի մէջ ունի հսկայական պատասխանատուութիւններ, որոնց իրականացման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի յատկապէս սփիւռքահայութիւնը:
Փրոֆ. Յովհաննէս Կէօքճեան (Պէյրութի Ամերիկեան համալսարան) ներկայացուց 1970ականներէն մինչեւ 1989 երկարող ժամանակահատուածին ընթացքին Լիբանանի մէջ
ՀՅԴի գործունէութիւնը՝ կեդրոնանալով յատկապէս լիբանանահայութեան վրայ քաղաքացիական պատերազմին վերջ դրած «Թայէֆ»ի համաձայնագիրին ունեցած հետեւանքներուն վրայ: Ան ըսաւ, թէ Լիբանանի մէջ ՀՅԴն, ՍԴՀԿն ու ՌԱԿը միասնաբար կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են քաղաքացիական պատերազմը երկխօսութեամբ լուծելու աշխատանքին մէջ:
Փրոֆ. Ասպետ Գոչիկեան («Պենթլի» համալսարան) խօսցեաւ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան ժամանակաշրջանին մասին, երբ կուսակցութիւնը մէկ կողմէ քաղաքական գործօն կուսակցութիւն մըն էր Հայաստանի մէջ, իսկ միւս կողմէ՝ Սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ ստանձնած էր իր «աւանդական» պարտաւորութիւնները: Ան յայտնեց, թէ մինչ Սփիւռքի մէջ գործող այլ կուսակցութիւնները ընդհանրապէս չեն կրցած բաւարար քաղաքական աշխուժութիւն ցուցաբերել Հայաստանի մէջ, ՀՅԴն միշտ կրցած է որոշ քաղաքական աջակցութիւն ապահովել, սակայն՝ ոչ բաւարար: Ըստ անոր, Հայաստանի անկախութեան համար բաւարար պատրաստուած չըլլալը եւ «սփիւռքեան քաղաքական պատանդ» մնալու իրողութիւնը կը դժուարացնեն կուսակցութիւնը Հայաստանի մէջ արմատաւորելու գործը: