ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Դեկտեմբեր 10ին, Արցախի հայութեան հետ, մեր ժողովուրդը աշխարհի չորս ծագերէն կը տօնէ տարեդարձը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութեան հանրաքուէին։
Հայկական երկրորդ հանրապետութեան ճակատագիրը վճռուեցաւ Դեկտեմբեր 1991ի այս օրը, երբ Արցախի հայութիւնը միահամուռ շարքերով դիմեց քուէատուփ, որպէսզի միասնական իր ձայնով «Այո՛» պատասխանէ Անկախութեան հանրաքուէին։
Այդ օրերուն Խորհրդային Միութիւնը դեռ չէր լուծարուած պաշտօնապէս։ Իսկ խորհրդային գործող սահմանադրութեամբ ու օրէնքներով, համաժողովրդական քուէարկութեամբ կատարուած հանրաքուէն իրաւական միակ երաշխիքն էր հաւաքական կամքի ազատ արտայայտութեան։ Եւ Արցախի հայութիւնը, ընտրելով ազգային ինքնորոշման իր իրաւունքը նուաճելու իրաւական ուղին, օտարերկրեայ դիտորդներու ներկայութեան իրագործեց աննախընթաց հանրաքուէ մը։ Քուէարկութեան մասնակցեցաւ բնակչութեան 82.2 տոկոսը, որուն 99.9% տոկոսը կողմ քուէարկեց Անկախութեան՝ վճռելով Ատրպէյճանի կազմէն դուրս գալ, համաձայն 1990 04 03 թուակիր խորհրդային օրէնքին, որ այդ ժամանակ ուժի մէջ էր եւ միջազգային ճանաչում ունէր:
Անկախութեան հանրաքուէին արդիւնքով՝ Արցախը 1992ի Յունուար 6ին ԼՂ Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ հռչակուեցաւ անկախ պետութիւն:
Գերագոյն զոհաբերութեան գնով Արցախն ու ողջ հայութիւնը նուաճեցին Անկախութեան հանրաքուէն։
1988ի Փետրուարին թափ առած Արցախեան պահանջատիրութիւնը, հակառակ առաջին իսկ քայլերէն իրաւական ուղիով յառաջանալու իր նախանձախնդրութեան եւ հաստատակամութեան, շարունակ հարուածի եւ ծանրագոյն բռնաճնշումի տակ առնուեցաւ ատրպեճանական իշխանութեանց կողմէ։ Արցախի հայութեան խաղաղ բողոքի հաւաքներուն՝ Ատրպէյճան պատասխանեց անօրինակ վայրագութիւններով։ Մայր Հայաստանին վերամիանալու Արցախի քաղաքական պահանջներուն՝ Ատրպէյճան պատասխանեց Արդարութեան եւ Իրաւունքի շարժումը արեան մէջ խեղդելու բարբարոսութեամբ։ Բայց որքան ալ խոր վէրքեր բացաւ թշնամիին հարուածը եւ որքան ալ համատարած բնոյթ ստացաւ մեր ժողովուրդին ընդվզումն ու ցասումը, Արցախը դարձեալ եւ միշտ կառչած մնաց պահանջատիրական իր պայքարը խորհըրդային գործող Օրէնքներուն եւ միջազգային Իրաւունքին սահմանած շրջագիծին մէջ պահելու ռազմավարութեան։
Արցախը բնականաբար նաեւ զէնք բարձրացուց իր պահանջատիրական ձայնը արեան մէջ խեղդելու ատրպեճանական կամակորութեան դէմ։ Բայց Արցախի հայութեան բարձրացուցած զէնքը ոչ մէկ պարագայի անդին անցաւ ինքնապաշտպանութեան օրինական եւ իրաւական սահմանէն։ Արցախեան պահանջատիրութիւնը հետեւողականօրէն պահպանեց Օրէնքի եւ Իրաւունքի հունով յառաջանալու իր ողջմտութիւնը։ Ծանրագոյն կորուստներու ճնշման տակ պարզապէս թափ առաւ եւ ներքնապէս կազմակերպուեցաւ արցախահայութեան ինքնապաշտպանութիւնը ամրապնդող ազգային–ազատագրական պայքարը։ Ատրպէյճանի գործադրած հակահայ կոտորածները ոչ միայն կռանեցին արցախահայութեան պայքարունակութիւնը, այլեւ ընդհանուր դատապարտանքի ալիք բարձրացուցին աշխարհով մէկ՝ ի նպաստ Արցախի հայութեան արդարագոյն դատին։
Աւելի քան երկու տարուան ատրպեճանական եւ խորհրդային ճնշումներէ ու հալածանքներէ ետք, 1990ի Ապրիլ 3ին ընդունուեցաւ ԽՍՀՄ այն օրէնքը, որուն համաձայն՝ այսպէս կոչուած «ինքնավար միավորներ» ունեցող «միութենական հանրապետութիւն» մը, Խորհրդային Միութենէն դուրս գալու իրաւունք ունենալու համար, պարտաւոր էր հանրաքուէ կազմակերպել իր կազմին մէջ գտնուող միաւորներէն իւրաքանչիւրին մէջ՝ առանձին–առանձին:
Այդ օրէնքին վրայ հիմնուելով եւ տեսնելով, որ առանց ԼՂԻՄի հայութեան կամքն ու ձայնը նկատի ունենալու՝ Ատրպէյճան դուրս կու գար Խորհրդային Միութեան կազմէն, Արցախը որոշեց տէր կանգնիլ օրէնքով ճշդուած իր իրաւունքին եւ 1991ի Սեպտեմբեր 2ին հռչակեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը։ Իսկ Ատրպէյճան 1991ի Հոկտեմբերին դուրս եկաւ ԽՍՀՄ կազմէն:
Ատրպէյճանի այդ քայլին պատասխանելով էր, ահա, որ 1991ի Դեկտեմբեր 10ին Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան միջազգային օրը, Արցախի մէջ կայացաւ Անկախութեան հանրաքուէն։ Եւ այդպէ՛ս Արցախի հայութիւնը միաձայնութեամբ վճռեց իր վրայէն մէկանգամընդմիշտ թօթափել ատրպեճանական լուծը։ Անկախութեան հանրաքուէին հետեւեցաւ մօտ 40 հոգինոց օտարերկրեայ պատգամաւորական ու դիտորդական խումբ մը, որուն մաս կը կազմէին ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչներ, Միութենական հանրապետութիւններու լիազօր ներկայացուցիչներ, արտասահմանեան երկիրներու եւ միջազգային տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ: Հանրաքուէին արձանագրած ժողովրդական մասնակցութեան աշխուժութիւնը խորապէս տպաւորեց դիտորդները:
Հանրաքուէին օրը ԼՂՀ ողջ տարածքը, յատկապէս մայրաքաղաք Ստեփանակերտը ենթարկուեցաւ հրթիռա-հրետակոծութեան՝ խլելով 10 զոհ: Սակայն այդ բոլորը չկրցան խոչընդոտել Արցախի հայութեան ազատ կամքին միասնական արտայայտութիւնը։ Հանրաքուէին մասնակցելու իրաւունք ունէին 132.328 ընտրողներ, որոնց 108.736ը մասնակցեցան (այսինքն՝ ընտրական իրաւունք ունեցողներու 82.2 տոկոսը): Հանրաքուէին չմասնակցեցան ԼՂՀ տարածքին վրայ բնակող ու ընտրական իրաւունք ունեցող ատրպէյճանցիները՝ 22.747 հոգի։
Հանրաքուէի դրուած հարցը մէկն էր. «Համաձա՞յն էք արդեօք, որ հռչակուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը լինի այլ պետութիւնների եւ հանրութիւնների հետ իր յարաբերութիւնները ինքնուրոյն որոշող անկախ պետութիւն»: Հանրաքուէի մասնակիցներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը, շուրջ 99.9 տոկոսը (108.615 մասնակից) հարցադրումին յստակ ու կտրուկ «Այո՛» պատասխանեց. 24 մասնակից պատասխանեց՝ «Ո՛»չ, իսկ 95 քուէաթերթիկ անվաւեր ճանչցուեցան։
10 Դեկտեմբեր 1991ի հանրաքուէին տրուած միահամուռ այդ «Այո՛»ն հանդիսացաւ օրինական եւ իրաւական գերագոյն արտայայտութիւնը Արցախի հայութեան ինքնավստահութեան եւ վճռականութեան, որոնք մինչեւ մեր օրերը թափ կու տան Արցախի իրողական ազատագրումը միջազգային իրաւական ճանաչումով պսակելու համազգային մեր պայքարին։