«Կը Հաւատանք Գործին Եւ Գիտակից Ենք, Որ Գործը Չի Պակսիր…»
Կ՛ըսէ Րաֆֆի Տօնապետեան
ՀՅԴ 120ամեակին առիթով, «Հորիզոն» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ ՀՅԴ Գանատայի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեանի հետ:

«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Այս տարի հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին հանդիսաւոր շուքով պիտի նշուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 120ամեակը: Գանատայի տարածքին ի՞նչ ձեռնարկներ նախատեսուած են այս առնչութեամբ:
ՐԱՖՖԻ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ.- 120ամեայ աւանդ ունեցող մեր կուսակցութիւնը, հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ կը շարունակէ ազգապահպանման իր առաքելութիւնը: Հայաստանի անկախութենէն ի վեր, ՀՅԴ հայաստանեան կառոյցը իր աշխոյժ մասնակցութիւնը կը բերէ հայրենի քաղաքական կեանքէն ներս եւ արդէն իսկ հայրենիքի մէջ ճանչցուած եւ կայացած քաղաքական կազմակերպութիւն է:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը Գանատայի մէջ ունի աւելի քան 100 տարուան պատմութիւն: ՀՅ Դաշնակցութեան Գանատայի առաջին Կոմիտէութիւնը հիմնուած է Պրանթֆըրտ քաղաքին մէջ 1902-1903 ժամանակահատուածին:
ՀՅԴ 120ամեակին առիթով, պաշտօնական հանդիսութիւններ եւ ժողովրդային ճաշկերոյթներ տեղի պիտի ունենան Մեծն Մոնթրէալի, Մեծն Թորոնթոյի, Հարաւային Օնթարիոյի եւ Վանգուվըրի մէջ:
«Դաշնակցութեան օր»ուան այս տարուան մեր գլխաւոր պատգամախօսն է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Հրանդ Մարգարեան:
Այս առթիւ, կոչ կ՛ուղղենք մեր բոլոր գործակից կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն եւ համակիրներուն, որպէսզի կուռ շարքերով մասնակից դառնան ազգանուէր այս կուսակցութեան 120ամեայ յոբելեանին:
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- 2010ի Ապրիլին, Հայկական Ցեղասպանութեան 95ամեակը Գանատայի մէջ նշուեցաւ համագաղութային ճիգերով, հայ աւանդական երեք քաղաքական կուսակցութիւններու, կրօնական յարանուանութիւններու եւ ազգային կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ: Այսօր ո՞ւր հասած են համագաղութային միասնական գործունէութեան աշխատանքները:
ՐԱՖՖԻ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ.- Մեծ Եղեռնի 100ամեակի սեմին, գանատահայութեան բոլոր հատուածներով միասնաբար եւ միաւորուած հանդէս գալու փորձը՝ կարեւոր իրադարձութիւն մը հանդիսացաւ գաղութի պատմութեան մէջ: Տարբեր կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ անհատ ազգայիններու գնահատականները այս առնչութեամբ, եկան հաստատելու, որ Հայկական Ցեղասպանութեան 95ամեակը միատեղ շարքերով նշելու նախաձեռնութիւնը՝ մեծ յաջողութիւն մըն էր:
Այս ծիրէն ներս, ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը իր խորհրդակցութիւնները կը շարունակէ համահայկական կառոյց ունեցող միւս կուսակցութիւններուն՝ ՌԱԿի եւ ՍԴՀԿի հետ, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդարաններուն, Հայ կաթողիկէ, Հայ աւետարանական համայքներու եւ այլ հայկական կազմակերպութիւններու հետ, կեանքի կոչելու գանատահայութիւնը համախմբող կառոյց մը: Այս նորաստեղծ կառոյցին գլխաւոր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ գաղութի բոլոր հատուածները ի մի բերել Հայ Դատին եւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցերուն առնչուող քաղաքական նախաձեռնութիւններու ընթացքին, կամ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի բարեսիրական նպատակներուն աջակցելու ընթացքին:
ՀՅԴի համար նորութիւն չէ այսպիսի նախաձեռնութիւն, որ տարբեր առիթներու Դաշնակցութեան Գանատայի կառոյցը առաջարկած է աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր, դեռ 1998էն սկսեալ: Դժբախտաբար, այս կամ այն պատճառներով եւ հակառակ սկզբնական համաձայնութիւններուն, կարելի չէ եղած իրագործել զայն:
Վերջին տասնամեակին, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու կեդրոնական մարմինները ինչպէս նաեւ զոյգ վեհափառները կոչեր հրապարակած են համագործակցութեան ուղղութեամբ, իսկ ՀՅԴ Բիւրոն շարունակաբար հետամուտ եղած է ստեղծելու համագաղութային միասնական գործունէութեան զարկ տուող համախմբումներ:
Այս տարուան առաջին օրերէն սկսեալ Գանատայի կեդրոնական կոմիտէն նախանձախնդիր եղած է ստեղծելու այդ համախոհութիւնը, բազմակողմանի յարաբերութիւններ մշակելով գաղութէս ներս գործող գլխաւոր կազմակերպութիւններուն հետ, որպէսզի աշխատանքը՝ կոչերէ անդին, ամուր եւ գործնական հիմերու վրայ դրուի եւ արդիւնաւորուի:
Այսօր, Գանատայի տարածքին գործող շարք մը կազմակերպութիւններ արդէն իսկ նախանձախնդիր են միաւորուելու մեր ազգային հիմնախնդիրներուն պաշտպանութեան ի խնդիր եւ այդ առթիւ յաճախ իրենց կոչերով կը շեփորեն համագործակցելու գաղափարը: Այսօր, մենք կը կարծենք, որ ժամանակն է կոչերէն անդին անցնելու եւ գործնական գետնի վրայ համապատասխան քայլեր առնելով հիմը դնելու միասնականութեան խորհրդանիշ համագաղութային նոր կառոյցի մը:
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Հայ Դատի յանձնախումբերը Գանատայի տարածքին կը շարունակեն իրենց քաղաքական եւ քարոզչական գործունէութիւնը: Ներկայ դրութեամբ ո՞ւր հասած են այդ աշխատանքները:
ՐԱՖՖԻ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբերը, տասնամեակներէ ի վեր միշտ գտնուած են պատնէշի վրայ:
Ներկայ դրութեամբ, Շրջանային եւ տեղական յանձնախումբերը կը նախապատրաստուին յառաջիկայ դաշնակցային ընտրութիւններուն: Ինչպէս միշտ, Հայ Դատի յանձնախումբերը կը զօրակցին այն թեկնածուներուն, որոնք կարեւոր ներդրում բերած եւ աջակցած են հայութիւնը շահագրգռող հարցերուն:
Ընտրութիւններու ծիրէն ներս, մեր աշխատանքները գաղութը զօրաշարժի ենթարկելու ուղղութեամբ աւելի ծաւալուն պիտի դարձնենք, նկատի առած, որ Մեծն Մոնթրէալի երկու տարբեր ընտրատարածքներու մէջ ունինք երկու հայ թեկնածուներ:
Շրջանային մակարդակի վրայ աշխատանքները կը շարունակուին Գանատայի Մարդկային Իրաւանց թանգարանին մէջ Հայկական հարցը ներկայացնելու, թրքական ուրացման քարոզչութիւնը չէզոքացնելու ուղղութեամբ: Այս աշխատանքները կը համադրէ Օթթաուայի Հայ Դատի գրասենեակը:
Տեղական մակարդակի վրայ, Արեւմտեան Գանատայի, Օնթարիոյի եւ Քեպեքի Հայ Դատի յանձնախումբերը կը շարունակեն Ցեղասպանութեանց ուսուցումը նահանգային կրթական ծրագիրներու մէջ ընդգրկելու աշխատանքը: Այս ծիրէն ներս, Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը՝ Հոկտեմբեր 15-17 Ալպերթայի մէջ կազմակերպած էր Ցեղասպանութեան ուսուցման սեմինար, որուն մասնակցեցան Ալպերթա նահանգէն բազմաթիւ ուսուցիչներ:
Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբի ջանքերով, քաղաքին մէջ պիտի բարձրանայ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան:
Թորոնթոյի մէջ, շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբը անցնող օրերուն աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած էր քաղաքապետական ընտրութեանց առիթով: Գեմպրիճի Հայ Դատի յանձնախումբը այս տարի հիւրընկալեց նախարար Կուտյիրն ու Հայ-Գանատական խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան ղեկավար տոքթ. Ալպրեխթը: Մոնթրէալի մէջ, տեղական յանձնախումբը իր գործունէութիւնը կեդրոնացուցած է յառաջիկայ դաշնակցային ընտրութիւններուն վրայ եւ այդ ուղղութեամբ արդէն իսկ կատարած է բազմակողմանի հանդիպումներ տարբեր կուսակցութիւններու հետ: Նշենք, որ յառաջիկայ Նոյեմբեր 6ին, յանձնախումբը Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին մէջ պիտի ընդունի ընդդիմութեան ղեկավար Մայքըլ Իկնաթիէֆը:
Օթթաուայի մէջ վերջերս կեանքի կոչուած Հայ Դատի յանձնախումբը, իբր առաջին մարտահրաւէր դէմ յանդիման գտնուեցաւ շրջանի քաղաքապետական ընտրութեանց թեկնածու Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող անհատի մը: Նորաստեղծ յանձնախումբը ճիգ չխնայեց, որպէսզի ուրացողը ընտրապայքարը աւարտէ ձախողութեամբ:
Մեր դարաւոր առաքելութեան ընթացքին դադարի պահ չենք ունեցած, որովհետեւ կը հաւատանք գործին եւ գիտակից ենք, որ գործը չի պակսիր…